Եկեղեցական

ՍՈՒՐԲ ՍԱՐԳԻՍԻ ՏՕՆԸ

ՇՈՒ­ՇԻԿ ՄԱ­ՒԻ­ՍԱ­ԳԱ­ԼԵԱՆ

Սուրբ Սար­գի­սը թէ՛ պատ­մա­կան անձ­նա­ւո­րու­թիւն է, եւ թէ՛ սրբա­զան ա­ռաս­պե­լա­կան կեր­պար՝ օժ­տուած տար­բեր հմա­յա­կան յատ­կա­նիշ­նե­րով եւ գոր­ծա­ռոյթ­նե­րով։ Ան զա­նա­զան զրոյց­նե­րու, եր­գե­րու եւ ա­ռաս­պել­նե­րու հե­րոսն է։

Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան այ­սօր կը մեկ­նի Լոս Ան­ճե­լըս, Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ։ Իր այ­ցե­լու­թիւ­նը կը կա­յա­նայ Հայց. Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի Ա­րեւմտեան Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Յով­նան Արք. Տէր­տէ­րեա­նի հրա­ւէ­րին ըն­դա­ռաջ։

ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ԶՐՈՅՑ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը շա­բա­թա­վեր­ջին Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀԲԸՄ) կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան նա­խա­գահ Պերճ Սեդ­րա­կեա­նը։

ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՍՈՒՐԲ ՎԱՐԴԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ ՄԵԾ ՈԳԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ԱՊՐՈՒԵՑԱՒ ՏԻՐՈՋ ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ԵՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԱՅՏՆՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ

Նիւ Եորք քա­ղա­քի սրտին վրայ կա­ռու­ցուած Հա­յաս­տա­նեայց Ե­կե­ղեց­ւոյ Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի Ա­րե­ւե­լեան Թե­մի Ա­ռաջ­նոր­դա­նիստ գե­ղա­կերտ Ս. Վար­դան մայր տա­ճա­րին մէջ հան­դի­սա­ւոր կեր­պով նշուե­ցաւ մեր Փրկչին՝ Յի­սուս Քրիս­տո­սի Ս. Ծննդեան եւ Աս­տ-ւա­ծա­յայտ­նու­թեան տօ­նը:

ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ, ե­րէկ, Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը բարձր գնա­հա­տան­քի ա­ռար­կայ դար­ձուց այն կա­մա­ւոր­նե­րը, ո­րոնք ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րած էին «Ու­րախ Ա­մա­նոր սահ­ման­նե­րուն» ծրագ­րին։ Հարկ է նշել, որ այս ծրա­գի­րը ան­ցեալ ա­միս կեան­քի կո­չուե­ցաւ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի Ըն­կե­րա­յին ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րու գրա­սե­նեա­կին կող­մէ։

ԱՂՕԹԱԿՑՈՒԹԻ՜ՒՆ…

Պատրիարքական Աթոռին տնօրինութեամբ, Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տաղաւարին առթիւ տօնակատարութիւններ ու զօրակցութեան շարժում:
Կեսարիոյ Սուրբ գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տօնական աւետիսով աղօթք կը վերառաքուի առ Աստուած՝ համայն աշխարհի խաղաղութեան համար:
Մերձաւոր Արեւելքէն խոյս տալով Թուրքիոյ զանազան քաղաքներուն մօտ ապաստան գտած հայ գաղթականները խոր երկիւղածութեամբ կը կատարեն իրենց ուխտը:

ՏՕՆԱԿԱՆ ՓԱՅԼՈՒՆ ՇՐՋԱՆ

2016-ի տարեմուտին եւ Սուրբ Ծննդեան տաղաւարին առթիւ աւանդական ընդունելութիւն Պատրիարքարանի դահլիճի երդիքին տակ:Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց իսթանպուլահայ տիկնանց յանձնախումբերու եւ ծնողաց միութիւններու ներկայացուցիչները, որոնք միասնաբար երգեցին «Խորհուրդ մեծ» շարականը եւ որպէս նուէր ստացան նուռեր:

ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ Ս. ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Ե­րէկ, Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը Ա­մա­նո­րի եւ Ս. Ծննդեան առ­թիւ ըն­դու­նեց Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի պաշ­տօ­նէու­թիւ­նը։ Մայ­րա­վան­քի հա­մա­լի­րէն ներս Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը պաշ­տօ­նէու­թիւ­նը հիւ­րըն­կա­լեց՝ Ս. Էջ­միած­նի վար­չատն­տե­սա­կան բաժ­նի տնօ­րէն Տ. Մու­շեղ Եպսկ. Պա­պա­յեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ։

ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԼՈՅՍԸ

Տէր Յիսուսի Հրաշափառ Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնը:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին մեծ շուքով նշեց տարուան առաջին տաղաւարը: Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ տուաւ իր աշխարհացրիւ հօտին ուղղեալ պատգամը: Ներկայ էր նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան:

Էջեր