Եկեղեցական

ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը ե­րէկ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Սեր­պիոյ Պատ­գա­մա­ւոր­նե­րու պա­լա­տի նա­խա­գահ Եան Հա­մա­չէ­քը, ո­րու կող­մէ գլխա­ւո­րուած պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը տուաւ Ե­րե­ւան։ Հիւ­րե­րուն կ՚ու­ղեկ­ցէր Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի փոխ-նա­խա­գահ Է­տուար Շար­մա­զա­նով։ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տի կող­քին էր Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի Ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու եւ ա­րա­րո­ղա­կար­գի բաժ­նի տնօ­րէն Տ. Նա­թան Արք. Յով­հան­նի­սեան։

ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը ե­րէկ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց «Հայ­կա­կան հան­րա­գի­տա­րան» հրա­տա­րակ­չու­թեան աշ­խա­տա­կազ­մը, գլխա­ւոր խմբա­գիր Յով­հան­նէս Այ­վա­զեա­նի ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ։ Այս առ­թիւ Յով­հան­նէս Այ­վա­զեա­նին ներ­կա­յա­ցուց «Հայ­կա­կան հան­րա­գի­տա­րան»ի գոր­ծու­նէու­թիւ­նը, մաս­նա­ւո­րա­պէս անդ­րա­դառ­նա­լով վեր­ջերս լոյս տե­սած «Գրատ­պու­թիւն եւ գրքա­րուեստ» հան­րա­գի­տա­րա­նի հրա­տա­րա­կու­թեան, նաեւ յա­ռա­ջի­կայ ծրագ­րե­րուն։

ՈՒՆՃԵԱՆ ԵՐԱԽՏԱՇԱՏ ՀԱՐԱԶԱՏՆԵՐԸ ՈԳԵԿՈՉՈՒԵՑԱՆ ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ՍՈՒՐԲ ԹԱԳԱՒՈՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Գա­տը­գիւ­ղի Ս. Թա­գա­ւոր ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ Ս. Պա­տա­րա­գի մա­տուց­մամբ կա­տա­րուած հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօ­նով յի­շա­տա­կուե­ցան ազ­գա­յին բա­րե­րար­ներ՝ Ա­բիկ եւ Մա­թուս Ուն­ճեան հա­րա­զատ­նե­րը։ Ս. Պա­տա­րա­գը մա­տոյց  ե­կե­ղե­ցոյ քա­րո­զիչ՝ Տ. Յա­րու­թիւն Ա­բե­ղայ Տա­մա­տեան։ Ա­րա­րո­ղու­թեան ներ­կայ ե­ղաւ նաեւ ե­կե­ղեց­ւոյ ե­րէց՝ Տ. Գրի­գոր Ա. Քհնյ. Տա­մա­տեան։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒՆ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը շա­բա­թա­վեր­ջին Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ նա­խա­գա­հեց կի­րակ­նօ­րեայ դպրոց­նե­րու ու­սու­ցիչ­նե­րու հա­ւա­քին։ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի Քրիս­տո­նէա­կան դաս­տիա­րակ­չու­թեան կեդ­րո­նին նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած էր այս հա­ւա­քը, որ զու­գա­դի­պե­ցաւ Ս. Թա­դէոս եւ Ս. Բար­թո­ղի­մէոս ա­ռա­քեալ­նե­րու տօ­նին։

ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻ ՎԵՐԱԲԱՑՈՒՄ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻԴՐՍԻ Ս. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Գում­գա­բուի Դրսի Ս. Յա­րու­թիւն ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ ե­րե­կո­յեան հան­դի­սա­ւոր ժա­մեր­գու­թիւն մը, որ միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ե­կաւ բնո­րո­շել մեր այս յատ­կանշա­կան սրբա­վայ­րի պաշ­տա­մուն­քի վե­րա­բա­ցու­մը։

ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը ե­րէկ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Ա­հըլ Էլ-Պէյ­թի Հա­մաշ­խար­հա­յին հա­մա­գու­մա­րի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Ա­յէ­թուլ­լահ Մու­համ­մէտ Հասան Ախ­թա­րին։

ՄԻՋԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔ

ԵԵՔ-ի գործադիր մարմինը տարեկան ժողովը կը գումարէ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը կանգ առաւ քրիստոնեաներու աշխոյժ գործակցութեան, էքիւմենիք եւ միջկրօնական երկխօսութիւններու իրականացման կարեւորութեան վրայ՝ համոզուած ըլլալով, որ այդ բոլորը կրնան նպաստել աշխարհի առկայ աղիտալի երեւոյթներու յաղթահարման:

ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը ե­րէկ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջմիած­նի մէջ ըն­դու­նեց շարք մը պաշ­տօ­նա­կան հիւ­րեր։ Այս­պէս Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը տե­սակ­ցե­ցաւ Սեր­պիոյ Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Պրա­թիսլաւ Կա­շի­չի հետ, ո­րու կող­մէ գլխա­ւո­րուած պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը կու տայ Հա­յաս­տան։

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ԵՒՐՈՊԱ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը այ­սօր ու­ղե­ւո­րու­թեան մը կը ձեռ­նար­կէ դէ­պի Եւ­րո­պա։ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, թէ հայ­րա­պե­տա­կան այ­ցե­լու­թեան ծրա­գի­րը կ՚ընդգր­կէ Ի­տա­լիան եւ Ֆրան­սան։

Էջեր