ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՖՐԱՆՍԱՀԱՅ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց խումբ մը ֆրանսահայ աշակերտներ։ Այսպէս, Փարիզի Դպրոցասէր վարժարանէն եւ Մարսէյլի Համազգայինի վարժարանէն շուրջ հինգ տասնեակ աշակերտներ ստացան Նորին Սրբութեան օրհնութիւնը։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչութեան բաժինը լոյս ընծայեց Տ. Զգօն Ծ. Վրդ. Տէր-Յակոբեանի «Սէր եւ ամուսնութիւն» աշխատութիւնը։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը վերջերս ստացաւ բացառիկ նուէր մը։ Այսպէս, ռուսահայ ոսկերիչ ու գործարար Գարուն Քոչարեան Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան նուիրեց 5 քիլօկրամ ծանրութեամբ հայրապետական ոսկէ ասա մը։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, շաբաթավերջին, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հանդիսապետութեամբ տեղի ունեցաւ մեծարանքի արարողութիւն մը՝ ի պատիւ Հայաստանի Բարձրագոյն դատական խորհուրդի նախագահ Գագիկ Յարութիւնեանի, որ երկար ժամանակ գլխաւորած ըլլալով երկրի Սահմանադրական ատեանը վերջերս հրաժեշտ առած էր այդ պաշտօնէն։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը այսօր կը ժամանէ Վատիկան, ուր վաղը տեղի պիտի ունենայ Ս. Գրիգոր Նարեկացիի արձանի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը։ Ինչպէս ծանօթ է, վերջին շրջանին Հռոմէական կաթոլիկ եկեղեցին Ս. Գրիգոր Նարեկացին հռչակած էր՝ Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ։
Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին երէկ մեծ շուքով, հոգեւոր ցնծութեան մթնոլորտով տօնախմբեց Յիսուս Քրիստոսի Հրաշափառ Սուրբ Յարութիւնը:
Աշխարհասփիւռ հայութեան ընդհանրական հայրապետը՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Սրբազնագոյն Վեհափառ Կաթողիկոսը վաղը Տէր Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան տօնին առթիւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ պիտի տայ իր տաղաւարի պատգամը։ Ինչպէս բոլոր տաղաւարներուն, այս անգամ եւս Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ զաւակները հետաքրքրութեամբ կը սպասեն Վեհափառ Հայրապետի պատգամին։
ՅՈՎՆԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին աշխարհացրիւ իր հօտը կ՚առաջնորդէ Յիսուս Քրիստոսի Հրաշափառ Սուրբ Յարութեան մեծ տաղաւարին:
Հունգարիոյ «Փիթէր Փազման» կաթոլիկ համալսարանի վերատեսուչին այցելութիւնը: