ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՍՈՐԻ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը երէկ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ հիւրընկալեց Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ Մար Աֆրամ Բ. Պատրիարքը։ Անթիլիասի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ երկու հոգեւոր առաջնորդներուն հանդիպումը առիթ հանդիսացած է ընդհանուր ակնարկ մը սեւեռելու համար Միջին Արեւելքի ու յատկապէս Սուրիոյ ներկայ կացութեան վրայ։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս ծագում առած տհաճ իրադարձութիւններու շարքը դժբախտաբար կը զբաղեցնէ օրակարգը։ Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստանի մէջ կարգ մը շրջանակներ կը ջանան թիրախաւորել Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը եւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը անհասկնալիօրէն պահանջելով Վեհափառ Հայրապետի հրաժարականը։
Կրօնական ժողովի ատենապետը յայտարարութիւններ ըրաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին՝ զօրակցութիւն յայտնելով Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին:
Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ մէջ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը նախագահեց երէկուան կիրակնօրեայ արարողութիւններուն, որու ընթացքին կատարուեցաւ քահանայական ձեռնադրութիւն։ Պատարագիչն էր Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ռումանիոյ Թեմի Առաջնորդ Տ. Տաթեւ Եպսկ. Յակոբեան, որ քահանայ ձեռնադրեց 12 սարկաւագներ։
Եւրոպայի եկեղեցիներու խորհուրդի (ԵԵԽ) գագաթաժողովը, որ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ Սերպիոյ Նովի Սատ քաղաքին մէջ, եզրափակուեցաւ հանդիսաւոր արարողութիւնով մը։ ԵԵԽ-ի գագաթաժողովի օրերուն տեղի ունեցաւ Կառավարման խորհուրդի անդամներու ընտրութիւն, որու արդիւնքով Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ պատուիրակութենէն՝ Անգլիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Յովակիմ Եպսկ. Մանուկեան ընտրուեցաւ այդ խորհուրդի անդամ։
ԳՀԽ-ի անդամները երէկ այցելութիւն մը տուին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ, երէկ սկսաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով նստաշրջանը։ Քառօրեայ ժողովները բացուեցան Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեան խօսքով։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ուխտաւորներ։ Օքլընտ քաղաքի (Գալիֆորնիա) Ս. Վարդան եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Յովէլ Քհնյ. Օհանեանի կողմէ գլխաւորուած ուխտաւորները ստացան Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնը։
Վեհափառ Հայրապետի բարձր նախագահութեամբ՝ «Թուֆաեան» հայորդեաց տան երդիքին տակ:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը նախընթաց օր հանդիպում մը ունեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վերապատրաստման դասընթացներու մասնակից եկեղեցականներու հետ։