ԿԱՅՈՒՆ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան ու գիտութեան նախարարը այցելեց Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին:
Վեհափառ Հայրապետն ու Արայիկ Յարութիւնեան անդրադարձան նաեւ սփիւռքէ ներս մայրենիի ուսուցման հարցերուն:
Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան ու գիտութեան նախարարը այցելեց Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին:
Վեհափառ Հայրապետն ու Արայիկ Յարութիւնեան անդրադարձան նաեւ սփիւռքէ ներս մայրենիի ուսուցման հարցերուն:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայաստանի զինեալ ուժերէն հինգ զինուորներ, որոնք վերջերս դարմանման համար մեկնած էին Հնդկաստան։ Այդ զինուորները փրոթեզի դարմանումի համար ուղարկուած էին Հնդկաստան՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Կալկաթայի Ս. Նազարէթ հայկական եկեղեցւոյ վար-չութեան աջակցութեամբ։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վերջերս հիւրընկալեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն խումբ մը ուխտաւորներ։ Նիւ Եորքի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Աբրահամ Քհնյ. Մալխասեանի կողմէ գլխաւորուած ուխ-տաւորները ստացան Նորին Սրբութեան օրհնութիւնը։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վերջերս հիւրընկալեց «Ֆրանսայի հայ երիտասարդութիւն» (JAF) ընկերակցութեան Մարսէյլի մասնաճիւղի ներկայացուցիչները։ Մայրավանքի համալիրէն ներս, «Գարեգին Ա.» կրթական կեդրոնի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ Վեհափառ Հայրապետին հանդիպումը ֆրանսահայ երիտասարդներուն հետ։

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հանդիպեցաւ վերջերս Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ երդիքին տակ ձեռնադրուած տասն նոր քահանաներուն հետ։ Նորին Սրբութիւնը հանդիպման ընթացքին իր օրհնութիւնն ու հայրական պատգամը փոխանցեց քահանայ հայրերուն, որոնց բարի առաքելութիւն մաղթեց իրենց հովուական ծառայութեան մէջ։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վերջերս հիւրընկալեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն խումբ մը ուխտաւորներ։ Այսպէս, Նորին Սրբութեան ներկայացան Պոստոնի շրջանի Հայփոյնթ համայնքի ուխտաւորները՝ գլխաւորութեամբ հոգեւոր հովիւ Տ. Վարդ Քհնյ. Կիւզէլեանի եւ ուղեկցութեամբ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ նոյն շրջանի հոգեւոր հովիւ Հայր Ճոն Տիլէյնիի։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց խումբ մը ֆրանսահայ ուխտաւորներ։ Մայրավանքէ ներս, «Գարեգին Ա.» կրթական կեդրոնի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ հանդիպումը։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայաստանի Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Մանէ Թանդիլեանը։ Վեհափառ Հայրապետը նախարարը շնորհաւորեց նշանակման առթիւ եւ փոխանցեց արդիւնաւէտ աշխատանքի իր բարեմաղթանքները։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց խումբ մը արժանթինահայ երիտասարդներ։ Մայրավանքի «Գարեգին Ա.» կրթական կեդրոնի յարկէն ներս տեղի ունեցաւ այս հանդիպումը։
Հայ մարմնամարզական ընդհանուր միութեան (ՀՄԸՄ) հիմնադրութեան 100-ամեակին ձօնուած յոբելենական բանակումը հասաւ իր աւարտին։ Շաբաթավերջին Բիւրականի մէջ տեղի ունեցաւ բանակումի եզրափակիչ հանդիսաւոր արարողութիւնը, որու ընթացքին Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շուրջ 1200 սկաուտներուն փոխանցեց իր օրհնութիւնները։