ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ԿՐԹԱԿԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԵԱՆ ԱՐԺԵՒՈՐՄԱՆ ՏԱՐԵԿԱՆ ԺՈՂՈՎ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան ուսումնական հաստատութիւններու մանկավարժական ժողովը։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը նախագահեց այս նիստին։
Կիլիկեան Աթոռի գահակալը հիւրընկալեց ասորի եւ ղպտի պատրիարքները:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Աւստրալիոյ Եկեղեցիներու հոգեւոր առաջնորդներու էքիւմենիք պատուիրակութիւնը։ Այս միջեկեղեցական պատուիրակութեան գլուխը կը գտնուէր Սիտնիի Բիւզանդական կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդ Ռապըրթ Արքեպիսկոպոս Ռապաթ։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն խումբ մը ուխտաւորներ այս օրերուն կ՚այցելեն Հայաստան։ Շաբաթավերջին ուխտաւորներու խումբը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալուեցաւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին կողմէ։ Ուխտաւորները գլխաւորեց Սանթա-Քլարիթայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հովիւ Տ. Սերովբէ Քհնյ. Ալանճեան, որ Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուց ուխտաւորները։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հայրապետական բարձր տնօրինութեամբ՝ Տ. Կորիւն Աբեղայ Առաքելեան ազատուեցաւ Ս. Գայիանէ վանքի վանահօր պարտականութիւններէն։ Այս կապակցութեամբ Մայր Աթոռի լուսարարապետութեան թելադրուեցաւ Հայր Կորիւնի կեցութիւնը մայրավանքէ ներս։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Բջնիէն խումբ մը ուխտաւորներ։ Ընդհանրապէս դպրոցականներէ բաղկացեալ այս խումբը Նորին Սրբութեան կողմէ ընդունուեցաւ մայրավանքի «Գարեգին Ա.» կրթական կեդրոնի երդիքին տակ։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան Սրբոց Թարգմանչաց վարժարանի ուսուցիչները։ Խումբը գլխաւորեց Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան անդամ Տ. Նորայր Վրդ. Գազազեան, որ այս վարժարանի տեսուչն է։
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան Կեդրոնական վարչութեան նախագահը շաբաթավերջին այցելեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանապետին մամլոյ ասուլիսը. «Մենք զերծ պէտք է մնանք քաղաքական գործընթացներու բառապաշարը եկեղեցական կեանք ներմուծելէ»:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց «Ֆուլլեր տնաշինական կեդրոն» բարեգործական կազմակերպութեան միջազգային կամաւորները։ Վեհափառ Հայրապետը բարձր գնահատեց հիւրերու աստուածահաճոյ առաքելութիւնը, որու շնորհիւ օգտակարութիւն կը ցուցաբերուի կարիքաւոր բազում ընտանիքներուն։