Եկեղեցական

ՅՍՏԱԿ ՈՒ ՊԱՐԶ ՊԱՏԳԱՄՆԵՐ

Տ. Զաքարիա Վրդ. Բաղումեան անդրադարձաւ ծպտեալ հայոց վերադարձի խնդիրներուն:
«Եկեղեցին չի խոչընդոտեր նման դէպքերը, այլ ցոյց կու տայ ճանապարհը, որով կրնայ լուծուիլ խնդիրը։ Զգուշաւորութիւնը կը բացատրուի ապօրինի գործողութիւններու մէջ չներքաշուելու մտայնութեամբ»:

Տ. ՊՍԱԿ ԱՒԱԳ ՔԱՀԱՆԱՅ ԹԷԶԷՆԼԵԱՆԻ ՎԱԽՃԱՆՈՒՄԸ ՄԵԾ ՅՈՒԶՈՒՄ ՍՏԵՂԾԵՑ

Ե­կե­ղե­ցա­սէր շրջա­նակ­նե­րը ե­րէկ խոր յու­զում ապ­րե­ցան՝ վե­րա­հա­սու դառ­նա­լով մեր ե­կե­ղեց­ւոյ ե­րէց սպա­սա­ւոր­նե­րէն Տ. Պսակ Աւագ Քահանայ Թէ­զէն­լեա­նի վախ­ճան­ման։

ՀԱՆԳԻՍՏ Տ. ՊՍԱԿ Ա. ՔՀՆՅ. ԹԷԶԷՆԼԵԱՆԻ

Այս ա­ռա­ւօտ խոր ցա­ւով վե­րա­հա­սու ե­ղանք, թէ ի Տէր հան­գած է մեր քա­հա­յա­նից դա­սու ե­րի­ցա­գոյն ան­դամ­նե­րէն Տ. Պսակ Ա. Քհնյ. Թէ­զէն­լեան, որ եր­կար տա­րի­ներ ծա­ռա­յու­թիւն մա­տու­ցած էր մեր ե­կե­ղեցւոյ։

ԱՏՐՊԱՏԱԿԱՆԻ ԹԵՄԷՆ ՆԵՐՍ Ս. ԹԱԴԷԻ ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՆ ՀԱԶԱՐԱՒՈՐ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐ

Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Ատր­պա­տա­կա­նի Թե­մը, Ի­րան, ան­ցեալ շաբթուան մէջ կազ­մա­կեր­պեց Ս. Թա­դէի  ե­ռօ­րեայ ա­ւան­դա­կան ուխ­տագ­նա­ցու­թիւ­նը։ Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ Տ. Գրի­գոր Եպսկ. Չիֆթ­ճեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած ուխ­տագ­նա­ցու­թիւ­նը ար­ժե­ւո­րուե­ցաւ բազ­մա­հա­զար ուխ­տա­ւոր­նե­րու ա­ղօ­թա­կան մաս­նակ­ցու­թեամբ։

ՋԱՀԻ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի բարձր հան­դի­սա­պե­տու­թեամբ, Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ Հա­մա­հայ­կա­կան 6-րդ խա­ղե­րու ջա­հի օրհ­նու­թեան ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը։ Մայ­րա­վան­քի հա­մա­լի­րէն ներս, բաց խո­րա­նին առ­ջեւ տե­ղի ու­նե­ցաւ այս խորհր­դան­շա­կան օրհ­նու­թեան կար­գը։

ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ԵՕԹ ՆՈՐ ՔԱՀԱՆԱՅ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԱԾ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի օրհ­նու­թեամբ, ե­րէկ, Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ քա­հա­նա­յա­կան ձեռ­նադ­րու­թիւն։ Մայր Տա­ճա­րի մէջ հան­դի­սա­ւոր Ս. Պա­տա­րագ մա­տոյց Սուրբ Էջ­միած­նի Քրիս­տո­նէա­կան դաս­տիա­րա­կու­թեան կեդ­րո­նի տնօ­րէն Տ. Վար­դան Եպսկ. Նա­ւա­սար­դեան, ո­րու ձե­ռամբ քա­հա­նա­յա­կան ձեռ­նադ­րու­թիւն եւ օ­ծում ստա­ցան եօթ սար­կա­ւագ­ներ։

Տ. ՊԵՏՐՈՍ ՔՀՆՅ. ՊՈՒԼՏՈՒՔԵԱՆ ԱՆԴՐԱՆԻԿ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԸ ՄԱՏՈՅՑ Ս. ՓՐԿԻՉ ՄԱՏՐԱՆ ՄԷՋ

​Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի մատ­րան մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցաւ խան­դա­վառ ա­րա­րո­ղու­թիւն մը, ո­րուն հան­դի­սա­պե­տեց Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան։ Այս առ­թիւ իր անդ­րա­նիկ Ս. Պա­տա­րա­գը մա­տոյց մեր քա­հա­նա­յից դա­սու ե­րի­տա­սարդ ան­դամ­նե­րէն նո­րաօծ Տ. Պետ­րոս Քհնյ. Պուլ­տու­քեան։ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի վե­ղա­րա­ւոր հայ­րե­րը եւ մեր քա­հա­նա­յից դա­սէն բազ­մա­թիւ հայ­րեր ներ­կայ գտնուե­ցան հո­գե­պա­րար ա­րա­րո­ղու­թեան, ո­րու ըն­թաց­քին Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը տուաւ օ­րուան պատ­գա­մը։

ՍՈՒՐԲ ԱՄԵՆԱՓՐԿԻՉ

​Հայաստանի Նոր Հաճըն քաղաքին մէջ նորակառոյց եկեղեցին պաշտամունքի բացուեցաւ հանդիսաւորապէս:
Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ տեղի ունեցած օծման արարողութեան ներկայ էր նաեւ Սերժ Սարգսեան:

Էջեր