ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԳԵՐՄԱՆԻԱ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ հնգօրեայ այցելութեամբ մեկնեցաւ Գերմանիա։ Վեհափառ Հայրապետը Պերլինի մէջ Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու պետերուն հետ կը մասնակցի Եւրոպայէ ներս Ռեֆորմի 500-ամեայ յոբելեանի յիշատակութեան շրջանակներէն ներս նախատեսուած պաշտօնական ձեռնարկներուն։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հոլիվուտի յայտնի արուեստագէտներէն Ճոն Մալքովիչը, որ այս օրերուն Երեւան կ՚այցելէ Արամ Խաչատուրեանի հինգերորդ միջազգային փառատօնի բացման առթիւ։ Ճոն Մալքովիչին եւ կողակցին ուղեկցեցան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի խորհրդականներէն Արմէն Սմբատեան եւ Հայաստանի Պետական երիտասարդական նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար Սերկէյ Սմբատեան։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հանդիպեցաւ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի առաջին լսարանի տասնութ սաներուն հետ։
Սփիւռքահայ հայագիր եւ օտարագիր գրողներու համաժողովի մասնակիցները այցելեցին Մայր Աթոռ:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչական բաժինը լոյս ընծայեց ««Արարատ»ի բնագիրները» երկհատորեակի առաջին հատորը։ «Արարատ»ի ժառանգութեան ուսումնասիրութեան նուիրուած 10-րդ հրատարակութիւնն է այս մէկը։
«Ճինիշեան» հիմնարկը կը նշէ իր հիմնադրութեան 50-ամեայ յոբելեանը՝ Հայաստան ուխտագնացութեամբ:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Պուլկարիայէն խումբ մը ուխտաւորներ։
Յունաստանի Կրետէ կղզիին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ Ուղղափառ եւ Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու նաեւ Ս. Գրոց միացեալ ընկերակցութեան հանդիպումը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով՝ սա մշտական յանձնախումբի մը ժողովն էր, որու այս անգամուան աշխատանքը տեւեց երեք օր։ Քննարկումները կեդրոնացան Աստուածաշունչի թարգմանութեան ու տարածման կարելիութիւններուն վրայ։
Ստորեւ կը ներկայացենենք Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի պատգամը՝ 2017-2018 կրթական շրջանի վերամուտին առթիւ։
Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի Թեմի հիմնադրութեան 300-ամեակը: