ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ ԺՈՂՈՎԸ ՏԵՂԱՊԱՀ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՍՏՈՐԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ԼԻԱԶՕՐՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՍՏԱՏԵՑ
Եկեղեցական Համագումար Ժողովը, 26 Յուլիս 2017, Չորեքշաբթի, ժամը 10.00-ին Պատրիարքարանի Դահլիճին մէջ գումարուեցաւ նախագահութեամբ՝ Պատրիարքական Տեղապահ՝ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պեքճեանի։ Ժողովի ատենապետն էր՝ Հոգշ. Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան, իսկ ատենադպիրը՝ Արժ. Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց խումբ մը սփիւռքահայ կրթական մշակներ, որոնք այս ամառ Երեւանի մէջ մասնակցութիւն կը բերեն Հայաստանի Կրթութեան ու գիտութեան նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած ուսուցիչներու վերապատրաստման ծրագրին։ Սփիւռքահայ կրթական մշակներուն ուղեկցեցաւ Երեւանի «Խաչատուր Աբովեան» պետական մանկավարժական համալսարանի վերատեսուչ Փրոֆ. Ռուբէն Միրզախանեան։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան (ՀՄԸՄ) Լոնտոնի մասնաճիւղի անդամները։ ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչներուն ուղեկցեցաւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Անգլիոյ Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Յովակիմ Եպիսկոպոս Մանուկեան։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Գերմանիայէն՝ Քէօլնի համալսարանէն խումբ մը կաթոլիկ եւ բողոքական աստուածաբաններ ու գիտնականներ։ Այս խումբը կը գլխաւորէ Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Գերմանիոյ Եպիսկոպոսաց ժողովի պետ Մաթթիաս Քոփփ։ Այս վերջինը Նորին Սրբութեան ներկայացուց ուխտաւորները՝ ուրախութիւն յայտնելով հերթական այցելութեան համար դէպի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան եւ Արեւմտեան Թեմերու կամաւորական ծրագրերու մասնակիցները։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմէն խումբ մը ուխտաւորներ։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի 2016-2017 ուսումնական տարուայ փակման արարողութիւնը, որուն նախագահեց Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը։ Հանդիսութեան ներկայ էին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբաններ, հոգեւոր-կրթական հաստատութիւններու տեսչական, ուսուցչական անձնակազմը եւ ճեմարանի սաները։