Եկեղեցական

ԱՅՍՕՐ ՄԻՋԻՆՔ Է

Մեծ պահ­քը կի­սող Մի­ջին­քը այս տա­րի կը նշո­ւի այսօր: Ժո­ղովր­դա­կան ա­ւան­դու­թեան հա­մա­ձայն՝ Մի­ջին­քին հայ տան­տի­կին­նե­րը կը թխեն բա­ղարջ, ո­րուն մեջ կը դնեն մե­տա­ղադ­րամ: Ո­րուն բա­ժին կը հաս­նի այդ դրա­մը, այդ տա­րի յա­ջո­ղու­թիւն կ՚ու­նե­նայ: 

Ի՞ՆՉ Է ՄԻ­ՋԻՆ­ՔԸ

Այ­սօր, Չո­րեք­շաբ­թի, մեր օ­րա­ցոյ­ցին հա­մա­ձայն Մի­ջինք է։
Ի՞նչ է Մի­ջին­քը եւ ինչ­պէ՞ս պէտք է բա­ցատ­րել։
Բուն Բա­րե­կեն­դա­նէն, ա­ւե­լի ճիշդ Փա­կեալ խո­րա­նէն սկսեալ մին­չեւ Ա­ւագ Շա­բաթ օր (նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ ե­կե­ղե­ցա­կան օ­րէն­քով Ա­ւագ շաբ­թուան օ­րերն ալ պահ­քի օ­րեր են), քա­ռա­սունութ օ­րե­րու վրայ եր­կա­րող պահ­քի շրջան մըն է, ո­րուն եր­բեմն կ՚ան­գի­տա­նանք, կար­ծե­լով, որ երբ Մեծ պահք կ՚ը­սենք, այդ Մած պահ­քը քա­ռա­սուն օ­րեր են միայն, այ­սինքն Բուն Բա­րե­կեն­դա­նէն մին­չեւ Ծաղ­կա­զարդ։

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՄՕՏ ՔՆՆԱՐԿՈՒԵՑԱՆ ՎԻՐԱՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԱՌԿԱՅ ԽՆԴԻՐՆԵՐԸ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը ե­րէկ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Վրաս­տա­նի Կրօ­նի հար­ցե­րով պե­տա­կան գոր­ծա­կա­լու­թեան նա­խա­գահ Զա­զա Վա­շաք­մա­ծէն։

ՀԱՆԳԻՍՏ՝ Տ. ԳՐԻԳՈՐԻՍ ԱՐՔԵՊՍԿ. ԲՈՒՆԻԱԹԵԱՆԻ

Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ ե­պիս­կո­պո­սաց դա­սը շա­բա­թա­վեր­ջին կորսն­ցուց իր ար­ժէ­քա­ւոր ան­դամ­նե­րէն մին։ Այս­պէս, ի Տէր հան­գաւ Ուք­րայ­նոյ Հա­յոց Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Գրի­գո­րիս Արք. Բու­նիա­թեան։ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի ե­րի­ցա­գոյն միա­բան­նե­րէն մին էր վախ­ճա­նեալ Սրբա­զան Հայ­րը, ո­րու ան­ժա­մա­նակ կո­րուս­տը յա­ռա­ջա­ցու­ցած է խոր ցաւ։

Ս. ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը ե­րէկ Մայր Ա­թոռ Ս. Էջ­միած­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Ե­րե­ւա­նի մօտ Սլո­վա­քիոյ նո­րան­շա­նակ դես­պան Փե­թէր Փրի­փու­թէ­նը, ո­րու մշտա­կան նստա­վայ­րը կը գտնուի Մոս­կուա­յի մէջ։

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԵՒ ՀՐԱՆՈՅՇ ՅԱԿՈԲԵԱՆ ՔՆՆԱՐԿԵՑԻՆ ՈԳԵԿՈՉՄԱՆ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐԸ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը ե­րէկ հիւ­րըն­կա­լեց Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեա­նը։

Էջեր