ՎԵՀ. ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՀՐԱԺԵՇՏ ԱՌԱՒ ՖԻՆԼԱՆՏԻԱՅԷՆ
Դէպի Ֆինլանտիա կատարած միջեկեղեցական այցելութեան ծիրէն ներս, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը հանդիպում մը ունեցաւ Քարելիայի եւ Համայն Ֆինլանտիոյ Արքեպիսկոպոս, Ֆինլանտիոյ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Պետ Լէոյի հետ։ Քուոփիոյ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ անոնց եղբայրական հանդիպումը։ Տեղւոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ կեդրոնը եւ յարակից թանգարանը այցելելէ վերջ երկու եկեղեցիներու պետերը համատեղ աղօթքի մը մասնակցեցան Նոր Վալաան վանական համալիրէն ներս։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ֆինլանտիոյ Լուտերական-Աւետարանական եկեղեցւոյ պետ, Թուրքուի Արքեպիսկոպոս Կերի ՄըքՔինէնի հետ։ Ինչպէս ծանօթ է, Վեհափառ Հայրապետը միջեկեղեցական այցելութեամբ այս օրերուն կը գտնուի Ֆինլանտիոյ մէջ։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավարջին մեկնեցաւ Ֆինլանտիա։ Վեհափառ Հայրապետը կ՚իրականացնէ քառօրեայ միջեկեղեցական այցելութիւն մը։
Ծանօթ է մեր հասարակութեան, թէ 26 Հոկտեմբեր 2016, Չորեքշաբթի օր, գումարուած Եկեղեցական Համագումար Ժողովը Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Պատրիարք Հայրը հանգստեան կոչած եւ Պատրիարքական Աթոռը պաշտօնապէս թափուր յայտարարած էր։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը վերջին օրերուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հունգարիոյ «Փիեթէր Բազման» կաթոլիկ համալսարանի վերատեսուչ Փրոֆ. Սուրոմի Սապոլչի գլխաւորած պատուիրակութիւնը։ Հիւրերուն ուղեկցեցաւ Երեւանի «Խաչատուր Աբովեան» պետական մանկավարժական համալսարանի վերատեսուչ Փրոֆ. Ռուբէն Միրզախանեան։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ ԳՀԽ-ի ընդլայնուած կազմով նստաշրջանը:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը ներկայիս կը նշէ իր ծննդեան 70-ամեակը։ Այս առթիւ երէկ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը այս յոբելեանին առթիւ շնորհաւորական մը յղեց Կիլիկեան Աթոռի գահակալին։
Փետրուարի 23-24-ին, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, տեղի ունեցան հանդիպումներ, որոնց կը մասնակցէին Հայոց Հովուապետի հրաւէրով Մայր Աթոռ ժամանած Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան միաբան երեք եպիսկոպոսները՝ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Գերաշնորհ Տ. Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեան, Գերմանիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Գարեգին արքեպիսկոպոս Պեքճեան եւ Պատրիարքութեան Կրօնական ժողովի ատենապետ Գերաշնորհ Տ. Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեան:
Սրբոց Վարդանանց տօնը եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի անուանակոչութիւնը՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ: