ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ Ս. ԷՋՄԻԱԾՆԷՆ ՆՈՐ ԳԻՐՔ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Հրատարակչական բաժինը լոյս ընծայեց «Սուրբ Հայրերու վարքն ու կենցաղավարութիւնը» ժողովածոյի առաջին հատորը։ Տասնինն գլուխներու մէջ ամփոփուած վանական-անապատական բարոյախօսութիւնը իւրայատուկ թեմաթիկ ուղեցոյց մըն է բոլոր անոնց համար, որոնք կը փափաքին անապատական հայրերու հոգեւոր փորձառութեան ծանօթանալ եւ անոնք առօրեայ կեանքի մէջ ունենալ իբրեւ լուսաբանող օրինակներ։
Ռուսաց Քիրիլ Պատրիարքի 70-ամեակին ձօնուած շքեղ համերգին ներկայ էր նաեւ Վլատիմիր Փութին:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մոսկուայի մէջ տեսակցեցաւ Ռուսաց Քիրիլ Ա. Պատրիարքին հետ:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը այսօր երկօրեայ այցելութիւն մը կու տայ Մոսկուա։ Նորին Սրբութեան կ՚ընկերանան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան, Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժնի տնօրէն Տ. Շահէ Ծ. Վրդ. Անանեան, գաւազանակիր Տ. Աղան Աբեղայ Երնջակեան եւ Տեղեկատուութեան համակարգի տնօրէն Տ. Վահրամ Քհնյ. Մելիքեան։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ Նիւ Եորքի մէջ, Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Առաջնորդարանէն ներս տեղի ունեցած Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով հերթական նստաշրջանէն վերջ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի աղբիւրները հրապարակեցին պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը։
Այսօր Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի գահակալութեան տարեդարձն է։ Նորին Սրբութիւնը 17-րդ տարին կը թեւակոխէ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի գահուն վրայ՝ որպէս աշխարհասփիւռ հայութեան հայրապետը, ամենասիրելի հովուապետը եւ ընդհանրական գլուխն ու ծայրագոյն պատրիարքը Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ։ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեան այս նոր փուլը դարձեալ կու գայ թարմացնել իր աշխարհասփիւռ հօտին ջերմեռանդ զգացումները՝ իրեն նկատմամբ։
Աթոռոյս Եկեղեցական Ընդհանուր Համագումար ժողովը, Պատկառելի Կրօնական Ժողովոյ 14 Հոկտեմբեր 2016 թուականի, ՃԼԱ. նիստի որոշմամբ եւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպիսկոպոս Աթէշեանի հրաւէրով կայացաւ 26 Հոկտեմբեր 2016 Չորեքշաբթի օր, ժամը 10.00-ին, Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ, Նորին Սրբազնութեան նախագահութեամբ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ անցեալ Կիրակի նախագահեց Գիւտ Խաչի տօնին առթիւ մատուցուած Սուրբ Պատարագին։ Մայր Աթոռ  Սուրբ Էջմիածնի Լուսարարապետ Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեանի կողմէ մատուցուած Սուրբ Պատարագի ընթացքին տեղի ունեցաւ քահանայական ձեռնադրութիւն։