ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ԱՐԺԱՆԹԻՆԻ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎՐԺ.Ի ՍԱՆԵՐԸ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Արժանթինի Մխիթարեան վարժարանէն սաներ, որոնց կ՚ուղեկցէր հայերէնի ուսուցչուհի Զեփիւռ Տիզչէքէնեան։ Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը ծանօթացաւ իւրաքանչիւր սանի հետ, իր օրհնութիւնը փոխանցեց երիտասարդներուն, նաեւ վերյիշեց դէպի Արժանթին հովուապետական ուղեւորութեան ընթացքին վարժարան տուած այցը։




Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Ֆրանսայէն խումբ մը բժիշկներ, որոնք վերջին շրջանին այցելեցին Հայաստան։ Մասնագէտներու այս խումբը կը գլխաւորէր Տքթ. Ժան Փիէռ Պէրպէրեան։


Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը այցելութեան մը ձեռնարկեց դէպի Արցախ։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ այսօր Վեհափառ Հայրապետը մեկնած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն։ Ստեփանակերտի մէջ ան կը հիւրըկալուի Արցախի ղեկավարութեան կողմէ։
Եկեղեցական շրջանակները երէկ զարմանքով հետեւած էին այն լուրերուն, ըստ որոնց Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեան նոր նամակ մը ուղարկած էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։