ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՏՕՆԸ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին շաբաթավերջին նշեց Կաթողիկէ Սուրբ Էջմիածնի բերկրառատ տօնը։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ մեծահանդէս արարողութիւններուն նախագահեց Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը։ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր Ս. Պատարագ, ձեռամբ՝ Տաւուշի Թեմի Առաջնորդ Տ. Բագրատ Եպսկ. Գալստանեանի։

Կը տեղեկանանք, որ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան Կալուածոց տեսուչ Տ. Պարէտ Ծ. Վրդ. Երէցեան վերջին օրերուն այցելութիւն մը տուաւ Իսթանպուլ։ Ան շուրջ շաբաթ մը մնաց քաղաքիս մէջ եւ իր կեցութեան օրերուն իջեւանեցաւ Պատրիարքարանի մէջ։



Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Մոսկուայի Պետական մանկավարժական համալսարանի վերատեսուչ ակադեմիկոս Ալեքսէյ Սեմիոնովի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը, որ վերջերս շփումներ ունեցաւ Հայաստանի մէջ։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ այց մը տուաւ Ֆէնէրի Յունաց Պատրիարքարանը։ Նորին Սրբազնութիւնը այս առթիւ հիւրընկալուեցաւ Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքին կողմէ։