ՆՈՒԻՐԱԿԱՆ ՄԹՆՈԼՈՐՏ
Հայ Երուսաղէմի Սուրբ Զատկուան փայլուն տօնակատարութիւններուն արձագանգները կը շարունակուին:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան այսօր կը վերադառնայ քաղաքս:
Հայ Երուսաղէմի Սուրբ Զատկուան փայլուն տօնակատարութիւններուն արձագանգները կը շարունակուին:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան այսօր կը վերադառնայ քաղաքս:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբաններէն Տ. Սասուն Ծ. Վրդ. Զմրուխտեան յառաջիկայ շրջանին պիտի պաշտօնավարէ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմէն ներս։ Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի տնօրինութեամբ ան պիտի ստանձնէ Լաս Վեկասի հայկական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւի պաշտօնը։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան կ՚այցելէ Սուրբ Երուսաղէմ։ Ծանօթ է, որ Սուրբ Քաղաքին մէջ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին այս Կիրակի պիտի տօնախմբէ Ս. Զատիկը, ըստ հին տոմարի։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց խումբ մը հաշմանդամ պատանիներ։ Ի ծնէ հաշմանդամ եւ մանկական ուղեղային կաթուածէ տառապող Աշտարակ քաղաքի բնակիչ Դաւիթ եւ Յասմիկ Խաչատրեանները կը պատրաստուին դարմանման համար մեկնիլ Գանատա եւ այս ուղեւորութեան ընդառաջ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին այցելած էին՝ Ամենայն Հայոց Հայրապետին օրհնութիւնը ստանալու համար։

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ Ապրիլի 24-ին առթիւ Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. Պատարագին առթիւ խօսեցաւ հետեւեալ քարոզը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Պատրիարքարանի կողմէ թողարկուած պաշտօնական բնագիրը։ 
ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ
Գոհութիւն եւ փառք Ամենակալին Աստուծոյ, որ կը շարունակենք վայելել մեր Տիրոջ եւ Փրկչի Յիսուսի Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան տաղաւարի ցնծութիւնը։ Կը շարունակենք ձայնակցիլ հրեշտակներուն, որոնք վիմափոր գերեզմանի դրան քարը գլորեցին եւ յայտարարեցին, թէ «Քրիստոս, խաչուած Նազովրեցին չէ աստ, այլ՝ յարեաւ»։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմէն ներս վերջերս տեղի ունեցաւ յոբելենական յատկանշական հանդիսութիւն մը։ Այսպէս, Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի հովանաւորութեամբ նշուեցաւ թեմի նուիրեալ հոգեւոր սպասաւորներէն Տ. Շնորհք Ա. Քհնյ. Տէմիրճեանի քահանայական ձեռնադրութեան եւ օծման, հովուական ծառայութեան 25-ամեայ յոբելեանը։ Տէր Հօր ծառայած Վեննայսի Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցան կրօնական եւ աշխարհիկ յոբելենական արարողութիւնները։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնը վերջերս եռօրեայ համաժողով մը կազմակերպեց Ծաղկաձորի մէջ։ Այս նախաձեռնութեան իրենց օժանդակութիւնը բերած էին Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի «Հայաստանեան կլոր սեղան» հիմնադրամն ու ՄԱԿ-ի Բնակչութեան հիմնադրամը։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան յառաջիկայ շրջանին պիտի այցելէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն հիւրաբար քաղաքս գտնուող բարձրաստիճան հոգեւորականները երէկ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի մասնակցեցան Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ։ Այսպէս, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Կրթադաստիարակչական հաստատութիւններու վերատեսուչ Տ. Գէորգ Եպսկ. Սարոյեան նախագահեց Սամաթիոյ երէկուան արարողութիւններուն։