ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ Ս. ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՄԵԾԱՐԱՆՔ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ազգային բարերար Սէրկէյ Սարգիսովին (Ռուսաստան) շնորհեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» պատուոյ բարձրագոյն շքանշանը։ Նորին Սրբութիւնը Սէրկէյ Սարգիսովը պարգեւատրեց՝ բարձր գնահատելով անոր կողմէ հայ ժողովուրդին եւ Հայ Եկեղեցւոյ համար մատուցուած ազգանուէր ծառայութիւնները։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Օշականի Ս. Մեսրոպ Մաշտոց եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժնի տնօրէն Տ. Շահէ Վրդ. Անանեանին յատուկ արարողութիւնով մը շնորհուեցաւ ծայրագոյն վարդապետական աստիճան։
Կը տեղեկանանք, որ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեան ներկայիս դարձեալ կ՚այցելէ Իսթանպուլ։ Մեր ստացած տեղեկութիւններով, ան նախընթաց օր ժամանած է քաղաքս, ուր կ՚իջեւանի Էլմատաղի «Տիվան» պանդոկին մէջ։ Իր կեցութիւնը պիտի շարունակուի մինչեւ յաջորդ շաբթուան առաջին օրերը։
Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինը Վատիկանի հետ կապի մէջ է Սրբազան Պապի այցի կազմակերպման համար:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Երեւանի մօտ Վրաստանի դեսպան Թենկիզ Շարմանաշվիլին, որ այս շրջանին կ՚աւարտէ իր դիւանագիտական առաքելութիւնը Հայաստանէ ներս։ Վրացի դեսպանը հրաժեշտի այցելութեան փութացած էր Վեհափառ Հայրապետին մօտ։
Հայց. Առաքելական Եկեղեցին շաբաթավերջին աւանդական խանդավառութեամբ նշեց Տեառնընդառաջը։ Քառասնօրեայ Մանուկ Յիսուսի՝ տաճար ընծայման տօնն է այս մէկը, որու սկիզբը ազդարարուեցաւ նախատօնակով՝ Շաբաթ երեկոյեան։ Իսկ երէկ արդէն Տեառնընդառաջի տօնն էր։
Բարեկենդանի առթիւ Պատրիարքարանի մէջ վերակենդանացուեցաւ հնամենի աւանդութիւն մը:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Սերպիոյ Ազգային ժողովի նախագահ Մայա Կոյքովիչը, որ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Երեւան։