Եկեղեցական
ՀՌՈՄԻ ՄԷՋ ՆՍՏԱՇՐՋԱՆ
Հռոմի մէջ այս օրերուն տեղի կ՚ունենայ Կաթոլիկ-Արեւելեան Ուղղափառ միջեկեղեցական երկխօսութեան միջազգային աստուածաբանական միացեալ յանձնախումբին հերթական նստաշրջանը։ Ժողովները սկսան անցեալ շաբաթավերջին ու պիտի շարունակուին մինչեւ Յունուարի 28-ը։
ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ
Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տաղաւարին առթիւ, շաբաթավերջին, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տօնական արարողութիւններ տեղի ունեցան։ Նկատելով որ Աստուածայայտնութեան տաղաւարը չէր տօնախմբուած, Ս. Պատարագի մատուցմամբ թէ՛ կղզիի փոքրաթիւ ժողովուրդը եւ թէ ուխտաւորներ առիթն ունեցան ապրելու հոգեւոր ուրախութեան։
ԿՐԿՆԱԿԻ ՀՐՃՈՒԱՆՔ
Ֆէրիգիւղի Վարդանանց երգչախումբը աւարտեց իր ուղեւորութիւնը՝ դէպի Սուրբ Երկիր:
Խմբավար Ատրուշան Հալաճեանի սաներուն կատարումները խոր տպաւորութիւն գործեցին ուխտաւորներուն վրայ:
ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԵՑ Տ. ՓԱՌԷՆ ԱՐՔ. ԱՒԵՏԻՔԵԱՆԸ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ պարգեւատրեց Տ. Փառէն Արք. Աւետիքեանը։ Մայր Տաճարի մէջ մատուցուած Ս. Պատարագի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը անոր շնորհեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» պատուոյ բարձրագոյն շքանշանը՝ գնահատելով անոր վաստակն ու տարիներու ծառայութիւնը Հայ Եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս։
ՀԱՆԳԻՍՏ՝ Տ. ՄԵՍՐՈՊ ԱՐՔ. ԳՐԻԳՈՐԵԱՆԻ
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ շաբաթավերջին Աւստրիոյ մէջ վախճանած է Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ նուիրեալ սպասաւոր, եպիսկոպոսաց դասու աւագ անդամներէն, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի երիցագոյն միաբաններէն Տ. Մեսրոպ Արք. Գրիգորեան։ 85 տարեկան հասակին ի Տէր հանգաւ բազմավաստակ սրբազանը, որու վախճանը մեծ կորուստ մըն է Հայ Եկեղեցւոյ համար
ԱՄԱՆՈՐԻ ՋԵՐՄ ՀԱՒԱՔ
Վեհափառ Հայրապետը տարեմուտի առթիւ մէկտեղուեցաւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի պաշտօնէութեան հետ:
Նորին Սրբութիւնը բարձր գնահատեց բոլորին կողմէ եկեղեցւոյ մատուցուած բարեխիղճ ծառայութիւնը:
ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ՆԱՀԱՏԱԿ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐՈՒ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐԸ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայաստանի սահմանամերձ Տաւուշի մարզի Բերդի տարածքաշրջանի համայնքներու նահատակեալ զինուորներու ընտանիքները։ Խումբը գլխաւորեց Տաւուշի Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Բագրատ Եպսկ. Գալստանեան, որու կողքին էին Բերդի տարածքաշրջանի հոգեւոր հովիւները։
ԻՇԽԱՆ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ աշխարհի չորս ծագերուն աւանդական շուքով նշեց Տէր Յիսուս Քրիստոսի Հրաշափառ Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տաղաւարը ու բերկրալի տօնի մեծ աւետիսը փոխանցեց հաւատացեալ հօտին:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետը պատարագեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, ուր իր պատգամը փոխանցեց համայն հայութեան:
«ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅԻ ԿԵԱՆՔԸ ՆԵՐԳՈՐԾՈՒՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆ Է ՄԱՐԴՈՑ ԵՒ ԱՇԽԱՐՀԻ ՀԱՆԴԷՊ։ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՓՐԿԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆԸ ՕՐԻՆԱԿ Է ՀԱՄԱՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԵՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԲԱՐԻՔԻ ՀԱՍՏԱՏՄԱՆ ՄԷՋ»
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ Սուրբ Ծննդեան տօնին առթիւ համայն հայութեան փոխանցեց իր հայրապետական պատգամը։ Ստորեւ նոյնութամբ կը ներկայացնենք Նորին Սրբութեան ուղերձը։

