ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Նոպէլեան մրցանակի արժանացած հինգ գիտնականները՝ Աարոն Չեխանովէր, Ատա Եոնաթ, Տէն Շեխտման, Էյ-Իչի Նեկիշի եւ Ճոն Ռոպին Ուորէնը, որոնք վերջին օրերուն Հայաստան այցելեցին Երեւանի մէջ կազմակերպուած «Նոպէլեան օրեր» խորագրեալ գիտական ձեռնարկին առթիւ։
Ամենայն Հայոց Հայրապետին Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ դէպի Արցախ կատարուած զօրակցութեան այցելութեան շրջագծով երէկ ապրուեցաւ յատկանշական հանգրուան մը եւս։ Շուշիի Ղազանչեցոց Ս. Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Հանրապետական մաղթանք՝ Արցախի ապահովութեան եւ խաղաղութեան համար։

Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ արարողութիւն՝ հազարաւորներու մասնակցութեամբ: