ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԹԵՄԷՆ ՆԵՐՍ ՆՈՐ ՔԱՀԱՆԱՆԵՐՈՒ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՈԳԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ
Ինչպէս երէկ հաղորդած էինք, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմէն ներս վերջերս ձեռնադրուեցան երկու նոր քահանաներ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Նիւ Եորքի Առաջնորդարանի դիւանին կողմէ այս մասին հրապարակուած մամլոյ հաղորդագրութիւնը։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի հոգեւորականաց դասը վերջերս համալրուեցաւ երկու լաւ պատրաստուած նորաօծ երիտասարդ քահանաներով։
Գերմանիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդարանի դիւանէն ստացանք հետեւեալ հաղորդագրութիւնը, զոր կը հրատարակենք։
Կը տեղեկանանք, որ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեան ներկայիս դարձեալ կ՚այցելէ քաղաքս։ Ըստ անպաշտօն աղբիւրներէ մեզի հասած լուրերուն, իրեն կ՚ընկերանայ Սրբոց Յակոբեանց վանքի կալուածոց տեսուչ Տ. Պարէտ Ծ. Վրդ. Երէցեան։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Ռուս Ուղղափառ Եկեղեցւոյ կողմէ բարձրաստիճան հոգեւորական մը։ Այսպէս, Նորին Սրբութեան կողմէ հիւրընկալուեցաւ Ռուսաստանի Նիժնի Նովկորոտի եւ Արզամասի Կէորկի Մետրապոլիտը։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին փոխանցուած է 1625 թուականի ձեռագիր Տօնացոյց մը: Այս մասին կը տեցեկացնէ «Շողակաթ» հեռուստաընկերութիւնը:
Երէկ Հայոց Եկեղեցին մեծ հանդիսութեամբ եւ մեծ շուքով տօնեց ծիսական հինգ գլխաւոր տօներուն կամ տաղաւարներուն երրորդը՝ այսինքն Այլակերպութեան, Պայծառակերպութեան կամ Վարդավառի տօնը:
ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ