ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ
«Եւ դու, Բեթղեհէմ տուն Եփրաթայ,
սակաւաւոր իցես լինել ի հազարաւորս Յուդայ,
ի քէն ելցէ ինձ լինել իշխան Իսրայէլի,
եւ ելք նորա ի սկզբանէ աւուրց աշխարհի»։
(Միքիէ, 5.2)
ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ
Ճրագալոյց Ս. Ծննդեան Յունուար 5
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Ամանորի առթիւ հանդէս եկաւ պատգամով մը։ Նորին Սրբութեան կողմէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն համայն աշխարհի հայութեան ուղղեալ այս պատգամը տեսասփռուեցաւ Հայաստանի Հանրային հեռուստատեսութեան կողմէ։ Տարեմուտէն քանի մը վայրկեան առաջ Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամին մէջ ըսաւ
«…բայց մի ինչ է՝ զի զառ ի յետոյսն մոռացեալ է,
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ պատրաստութիւնները աւարտած՝ Ամանորի գիշերուան համար:
Վեհափառ Հայրապետը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ պարգեւատրեց խումբ մը մտաւորականներ:
Պատրիարքարանի մէջ արդէն յարդարուած է աւանդական տօնածառը։ Մինչ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան ընդառաջ տօնական տրամադրութիւնը աստիճանաբար կը համակէ մեր հաստատութիւններուն մթնոլորտը, Պատրիարքարանի տօնածառն ալ զարդարուեցաւ տիկնանց կազմի անդամուհիներուն կողմէ։
Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի տնօրինութեամբ երէկ մեծ պատուի մը արժանացաւ համայնքային յայտնի բարերարուհի Մոնիք Երկանեան։ Ինչպէս հաղորդած էինք, Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի տնօրինութեամբ իրեն շնորհուեցաւ «Յովհաննէս Կոլոտ» շքանշանը։ Պատրիարքարանը այս կարգադրութիւնը կատարած է՝ գնահատելու համար Մոնիք Երկանեանի կողմէ տասնամեակներէ ի վեր մեր համայնքին համար մատուցուած բազմակողմանի ծառայութիւնը։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչութեան բաժինը վերջերս հրատարակեց երկու նոր գիրքեր։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ եւ «Սարգիս Գաբրիէլեան» հիմնադրամի մեկենասութեամբ լոյս տեսան այս գիրքերը։