ՏՕՆ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ
Խաղողօրհնէքի արարողութիւնը սերտօրէն կապ-ւած է Տիրամօր Վերափոխման տօնին հետ, ապա անիկա մասնաւոր կապ մը չունի եկեղեցական վարդապետութեան հետ, այլ աւանդութիւն մըն է, որ կու գայ հեթանոս մեր պապերէն, որոնք, երբ բերքը կը հասնէր, հասունցած առաջին բաժինը կը նուիրէին աստուածներուն։