Եկեղեցական

ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԻ ՑՆԾՈՒԹԻՒՆ

Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղե­ցին ե­րէկ ա­ւան­դա­կան շու­քով նշեց Տէր Յի­սու­սի Ե­րու­սա­ղէմ յաղ­թա­կան մուտ­քին ձօ­նուած տօ­նը։ Ա­ւագ շաբ­թուան սկիզ­բին ըն­դա­ռաջ, Ծաղ­կա­զար­դի ցնծու­թիւ­նը հո­գե­ւոր հրճուան­քով հա­մա­կեց հայ քրիս­տո­նեայ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը։

Տ. ՄԱՂԱՔԻԱ ԱԲԵՂԱՅ ՊԵՍՔԻՍԻԶԵԱՆԻ ԱՆԴՐԱՆԻԿ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԸ՝ ՕՐԹԱԳԻՒՂԻ ՄԷՋ

Օր­թա­գիւ­ղի Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին Տ. Մա­ղա­քիա Ա­բե­ղայ Պես­քի­սի­զեան մա­տոյց իր անդ­րա­նիկ Ս. Պա­տա­րա­գը։ Ա­րա­րո­ղու­թեան նա­խա­գա­հեց եւ քա­րո­զեց Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան։ Ս. Սե­ղա­նին սպա­սար­կե­ցին Կրօ­նա­կան Ժո­ղո­վի Ա­տե­նա­պետ Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեան, Յա­րու­թիւն Սրկ. Գու­յում­ճեան, Ա­րամ Սրկ. Պուլ­տու­քեան եւ այլ դպիր­ներ։

Տ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲԵՂԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆԻ ԱՆԴՐԱՆԻԿ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԸ՝ ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ՄԷՋ

Գա­տը­գիւ­ղի Ս. Թա­գա­ւոր ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին իր անդ­րա­նիկ Ս. Պա­տա­րա­գը մա­տոյց Տ. Յա­րու­թիւն Ա­բե­ղայ Տա­մա­տեան։ Այս առ­թիւ Գա­տը­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քը մեծ ո­գե­ւո­րու­թիւն ապ­րե­ցաւ՝ թա­ղի ծո­ցէն հա­սած նո­րապ­սակ այս հո­գե­ւո­րա­կա­նը ող­ջու­նե­լով։

Ա­ՒԱԳ ՇԱԲ­ԹՈ­ՒԱՆ Ա­ՌԸՆ­ՉՈ­ՒՈՂ ՀԱՅ­ԿԱ­ԿԱՆ ՍՈ­ՎՈ­ՐՈՒ­ԹԻՒՆ­ՆԵՐ

Քրիս­տո­սի երկ­րա­ւոր կեան­քին ա­մե­նէն կա­րե­ւոր բա­ժի­նը վեր­ջին շա­բա­թը, կը կո­չուի Ա­ւագ Շա­բաթ։ Ա­ւագ Շա­բա­թը Ծաղ­կա­զար­դին յա­ջոր­դող Եր­կու­շաբ­թիէն մին­չեւ Զա­տիկ եր­կա­րող շա­բաթն է։

ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՄԲ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔ՝ ԾԱՂԿԱՁՈՐԻ ՄԷՋ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի օրհ­նու­թեամբ, Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի Քրիս­տո­նէա­կան դաս­տիա­րա­կու­թեան կեդ­րո­նը վեր­ջերս Ծաղ­կա­ձո­րի մէջ կազ­մա­կեր­պեց դա­սըն­թացք-հա­մա­ժո­ղով մը՝ ըն­տա­նիք­նե­րուն հո­գե­ւոր ա­ջակ­ցու­թիւն մա­տու­ցե­լու ուղ­ղեալ ծրագ­րի շրջա­նակ­նե­րէն ներս։

ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ ՄԷՋ ՎԵՐՋԻՆ ԱՐԵՒԱԳԱԼԸ ՍՏԵՂԾԵՑ ՈԳԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ

Գուզ­կուն­ճու­քի Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ նա­խըն­թաց օր տե­ղի ու­նե­ցաւ Ա­րե­ւա­գա­լի ա­րա­րո­ղու­թիւն, ո­րուն հան­դի­սա­պե­տեց Տ. Զա­քէոս Ծ. Վրդ. Օ­հա­նեան։ Հան­դի­սա­դիր Հայր Սուր­բը այս առ­թիւ տուաւ նաեւ քա­րոզ մը։

ԵՆԻԳԻՒՂԻ ԳԻՒՏ ՏՓՈՅ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ԱՐԵՒԱԳԱԼԻ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

Ե­նի­գիւ­ղի Գիւտ Տփոյ Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ նա­խըն­թաց օր տե­ղի ու­նե­ցած Ա­րե­ւա­գա­լի հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թեան նա­խա­գա­հեց եւ քա­րո­զեց Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան։

ՎԱՂԸ ՊՈԼՍՈՅ ՀԱՅԱՀՈԾ ԹԱՂԵՐՈՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐԷՆ ՆԵՐՍ ՊԻՏԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒԻՆ ՉԱՆԱՔՔԱԼԷԻ ՄԷՋ ԶՈՀՈՒԱԾ ՀԱՅ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐԸ

Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի տնօ­րի­նու­թեամբ, վա­ղը Պոլ­սոյ զա­նա­զան ե­կե­ղե­ցի­նե­րէն ներս տե­ղի պի­տի ու­նե­նան մաս­նա­ւոր հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօն­ներ, ո­րոնց կա­պակ­ցու­թեամբ թա­ղա­յին խոր­հուրդ­նե­րուն կող­մէ պաշ­տօ­նա­պէս ո­չինչ հրա­պա­րա­կուած է։

Էջեր