ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԿԸ ՆՇԷ Ս. ՍՏԵՓԱՆՈՍԻ ՏՕՆԸ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին այսօր կը վերյիշէ Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագը։ Քրիստոնէութեան առաջին նախավկային ձօնուած աւանդական տօնակատարութիւններ տեղի կ՚ունենան մեր եկեղեցիներուն մէջ։