Եկեղեցական

ՏԻԵԶԵՐԱՆՈՐՈԳ ՀՐԱՇՔ

Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին երէկ մեծ շուքով, հոգեւոր ցնծութեան մթնոլորտով տօնախմբեց Յիսուս Քրիստոսի Հրաշափառ Սուրբ Յարութիւնը:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետը Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի խորանէն տաղաւարի Ս. Պատարագի ընթացքին իր աշխարհացրիւ հօտին փոխանցեց Ս. Զատկի կենարար աւետիսը:

ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

Աշխարհասփիւռ հայութեան ընդհանրական հայրապետը՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Սրբազնագոյն Վեհափառ Կաթողիկոսը վաղը Տէր Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան տօնին առթիւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ պիտի տայ իր տաղաւարի պատգամը։ Ինչպէս բոլոր տաղաւարներուն, այս անգամ եւս Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ զաւակները հետաքրքրութեամբ կը սպասեն Վեհափառ Հայրապետի պատգամին։ 

ՊԱՏԳԱՄ ՍՈՒՐԲ ԶԱՏԿԻ

ՅՈՎ­ՆԱՆ ԱՐ­ՔԵ­ՊԻՍ­ԿՈ­ՊՈՍ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ

«Ի քէն է Տէր՝ աղ­բիւր կեն­դա­նու­թեան եւ լու­սով ե­րե­սաց քոց տե­սա­նեմք զլոյս»:
Յա­րու­թեան տօ­նը կը դի­մա­ւո­րենք ան­գամ մը եւս եւ ան­կաս­կած իւ­րա­քան­չիւրս մեր հո­գու մին­չեւ խոր­քը կը զգանք նոր կեանքն ի Քրիս­տոս: 

ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ ՈՒՂԻՆ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին աշխարհացրիւ իր հօտը կ՚առաջնորդէ Յիսուս Քրիստոսի Հրաշափառ Սուրբ Յարութեան մեծ տաղաւարին:
Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետը հանդիսապետեց Ոտնլուայի խորհրդաւոր արարողութեան:

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՈՒՔՐԱՅՆԱ ԱՅՑԸ

Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ Ուքրայնոյ թեմէն ներս շաբաթավերջին ապրուեցաւ մեծ խանդավառութիւն։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը այս թեմին շնորհեց հովուապետական այցելութիւն մը, որու ընթացքին Քիեւի մէջ հանդիսապետեց թեմի առաջնորդանիստ նոր եկեղեցւոյ հիմնարկէքի արարողութեան։

ՀԱՅ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԱՅՍՕՐ ԿԸ ՆՇԷ ՄԻՋԻՆՔԸ

Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ տօնացոյցով այս տարի Միջինքը կը նշուի այսօր՝ Մարտի 7-ին:
Միջինքը, որ կը կիսէ Մեծ պահքը, հայոց մէջ նշուած է ժողովրդական շարք մը ծիսակատարութիւններով: Անիկա կը նշուի Մեծ պահքի 24-րդ օրը։
Ժողովրդական աւանդութեան համաձայն՝ Միջինքին հայ տանտիկինները կը թխեն բաղարջ, որուն մեջ կը դնեն մետաղադրամ: Որուն որ բաժին կը հասնի այդ դրամը, այդ տարի յաջողութիւն կ՚ունենայ:

ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԷՆ ԳԻՐՔԵՐ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Հրատարակչական բաժինը լոյս ընծայեց երկու ուշագրաւ գիրքեր։ Առաջինն է Սուրբ Էջմիածնի միաբան, Մայր Աթոռի միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժնի պատասխանատու Տ. Շահէ Ծ. Վրդ. Անանեանի «Քարոզներ եւ ակնարկներ» ժողովածոն։

ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ ԵՐԱՆԱՇՆՈՐՀ ՎԱԶԳԷՆ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ԵՐԿԵՐՈՒ ԺՈՂՈՎԱԾՈՅԻ ԵՐԿՐՈՐԴ ՀԱՏՈՐԸ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Հրատարակչական բաժինը վերջին օրերուն լոյս ընծայեց երանաշնորհ Տ.Տ. Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի (1955-1994) երկերու ժողովածոյի երկրորդ հատորը, որ ձօնուած է լուսաւորչահաստատ Մայր Աթոռի 130-րդ գահակալի ծննդեան 110-ամեակին։

Էջեր