Եկեղեցական

ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը նա­խըն­թաց օր Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ ըն­դու­նեց «Քրիս­տո­սի խա­ղա­ղու­թիւն» (Pax Christi) մի­ջազ­գա­յին կա­թո­լիկ կազ­մա­կեր­պու­թեան Աւստ­րիոյ մաս­նա­ճիւ­ղի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղա­րու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներն ու ան­դամ­նե­րը։

Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՆԱԽԱԳԱՀ ԷՐՏՈՂԱՆԻ ԴՍՏԵՐ ՀԱՐՍԱՆԻՔԻՆ

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի դուստ­րը՝ Սիւմ­է­յյէ Էր­տո­ղան շա­բա­թա­վեր­ջին հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նով մը ա­մուս­նա­ցաւ Սել­չուք Պայ­րաք­տա­րի հետ։ Այս առ­թիւ Իս­թան­պու­լի մէջ բազ­մա­հա­զար հրա­ւի­րեալ­նե­րու ներ­կա­յու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ հար­սա­նե­կան ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը, որ հան­րա­յին կար­ծի­քի ան­մի­ջա­կան ու­շադ­րու­թեան ա­ռար­կայ դար­ձաւ։

ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը շա­բա­թա­վեր­ջին Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Մոս­կուա­յի Պե­տա­կան ման­կա­վար­ժա­կան հա­մալ­սա­րա­նի վե­րա­տե­սուչ ա­կա­դե­մի­կոս Ալեք­սէյ Սե­միո­նո­վի կող­մէ գլխա­ւո­րուած պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը, որ վեր­ջերս շփում­ներ ու­նե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի մէջ։

Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ԱՅՑ ՄԸ ՏՈՒԱՒ ՅՈՒՆԱՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ե­րէկ այց մը տուաւ Ֆէ­նէ­րի Յու­նաց Պատ­րիար­քա­րա­նը։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը այս առ­թիւ հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Ուղ­ղա­փա­ռաց Տ.Տ. Պար­թո­լո­մէոս Ա. Տիե­զե­րա­կան Պատ­րիար­քին կող­մէ։

ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ ՄԷՋ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

Գուզ­կուն­ճու­քի Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ե­րէկ մա­տու­ցուե­ցաւ Ս. Պա­տա­րագ, ձե­ռամբ՝ Տ. Շա­հէն Քհնյ. Օ­հա­նեա­նի։ Ս. Սե­ղա­նին սպա­սար­կե­ցին Լե­ւոն Սրկ. Գու­յում­ճեան եւ այլ դպիր­ներ։ Եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րը կա­տա­րուե­ցան գլխա­ւո­րու­թեամբ ե­րաժշ­տա­պետ Նշան Սրկ. Չալ­կը­ճեա­նի։

ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՆԱԽԱԳԱՀ ՌԻՎԼԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Իս­րա­յէ­լի Նա­խա­գահ Ռէու­վէն Ռիվ­լին ե­րէկ այ­ցե­լեց Ե­րու­սա­ղէ­մի Հա­յոց Պատ­րիար­քա­րա­նը, ուր մէկ­տե­ղուե­ցաւ այն ե­րեք պատ­րիարք­նե­րուն հետ, ո­րոնք կը տնօ­րի­նեն հա­մաք­րիս­տո­նէա­կան սրբա­վայ­րե­րը։ Ե­րու­սա­ղէ­մի Հա­յոց Պատ­րիարք Տ. Նուր­հան Արք. Մա­նու­կեա­նի տան­տի­րու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ այս կա­րե­ւոր հա­ւա­քոյ­թը, ո­րուն ներ­կայ էին նաեւ տեղ­ւոյն յու­նաց եւ լա­տի­նաց պատ­րիարք­նե­րը

ՀԱՅ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՄԷՋ ՍՈՒՐԲ ԶԱՏԿԻ ԱՌԹԻՒ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՓԱՅԼՈՒՆ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հայ Ե­րու­սա­ղէ­մի մօտ շա­բա­թա­վեր­ջին ապ­րուե­ցաւ Քրիս­տո­սի Հրա­շա­փառ Սուրբ Յա­րու­թեան տա­ղա­ւա­րի ցնծու­թիւ­նը։ Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղե­ցին Ե­րու­սա­ղէ­մի մէջ ըստ Հին տո­մա­րի նշեց Սուրբ Զա­տի­կը՝ ա­ւան­դա­կան տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րով։

Տ. ՍԱՍՈՒՆ Ծ. ՎՐԴ. ԶՄՐՈՒԽՏԵԱՆ ԼԱՍ ՎԵԿԱՍԻ ՀՈԳԵՒՈՐ ՀՈՎԻՒ

Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի միա­բան­նե­րէն Տ. Սա­սուն Ծ. Վրդ. Զմրուխ­տեան յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին պի­տի պաշ­տօ­նա­վա­րէ Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի Ա­րե­ւե­լեան Թե­մէն ներս։ Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ Տ. Յով­նան Արք. Տէր­տէ­րեա­նի տնօ­րի­նու­թեամբ ան պի­տի ստանձ­նէ Լաս Վե­կա­սի հայ­կա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վի­ւի պաշ­տօ­նը։

Էջեր