Եկեղեցական

ԲԱՐՁՐ ՄԱԿԱՐԴԱԿԻ ՊԱՇՏՕՆ

Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմէն ներս յատկանշական հանդիսաւոր արարողութիւն մը:
Երուսաղէմի միաբաններէն Տ. Բագրատ Ծ. Վրդ. Պուրճէքեան նշանակուեցաւ առաջնորդական ընդհանուր փոխանորդ՝ Տ. Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի կողմէ:

ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը ե­րէկ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րէն՝ Սուրբ Վլա­տի­միր Ուղ­ղա­փառ ճե­մա­րա­նի տե­սուչ Տքթ. Ճոն Քհնյ. Պե­ռին, ո­րուն կ՚ու­ղեկ­ցէր Հայց. Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Հիւ­սի­սա­յին Ա­մեր­ի­կա­յի Ա­րե­ւե­լեան Թե­մի Ս. Ներ­սէս ըն­ծա­յա­րա­նի տե­սուչ Տ. Մար­տի­րոս Ա. Քհնյ. Չե­ւեան։

Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՎՐԱՅՈՎ ԿԸ ՄԵԿՆԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆ՝ ՄԱՍՆԱԿՑԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՊԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՆ

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ե­րէկ մեկ­նե­ցաւ ար­տա­սահ­ման։ Նո­րին Սրբազ­նու­թեան ու­ղե­ւո­րու­թեան ա­ռա­ջին փու­լը կը հան­դի­սա­նայ Մուս­կուան, ուր ան կը հիւ­րըն­կա­լուի Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Ռու­սաս­տա­նի եւ Նոր Նա­խի­ջե­ւա­նի Թե­մին կող­մէ։

ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւոր­չի Նշխար­հաց Գիւ­տի տօ­նին եւ Գնա­լը կղզիի ե­կե­ղեց­ւոյ ուխ­տի օ­րուան առ­թիւ, շաբաթավերջին, տօ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­ներ տե­ղի ու­նե­ցան Ս. Գրի­գոր Լուսա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ։ Ա­րա­րո­ղու­թեանց հան­դի­սա­պե­տեց Կրօ­նա­կան Ժո­ղո­վի Ա­տե­նա­պետ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան։ Ա­րա­րո­ղու­թեանց մաս­նա­կցե­ցան ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. Յա­րու­թիւն Աբեղայ Տա­մա­տեան, քա­հա­նա­յից դա­սու ան­դամ­ներ եւ հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դը։

ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ԿՐԹԱԹՈՇԱԿ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը ե­րէկ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ ըն­դու­նեց Հա­յաս­տա­նի հա­մալ­սա­րան­նե­րէն ե­րեք ու­սա­նող­ներ, ո­րոնք այս տա­րի ար­ժա­նա­ցած են Հայ­րա­պե­տա­կան կրթա­թո­շա­կին։ Ներ­կայ էին Հա­յաս­տա­նի Կրթու­թեան ու գի­տու­թեան նա­խա­րար Լե­ւոն Մկրտչեան եւ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի Քրիս­տո­նէա­կան դաս­տիա­րա­կու­թեան կեդ­րո­նի տնօ­րէն Տ. Վար­դան Եպսկ. Նա­ւա­սար­դեան։

ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՏՕՆԸ

Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղե­ցին շա­բա­թա­վեր­ջին նշեց Կա­թո­ղի­կէ Սուրբ Էջ­միած­նի բերկ­րա­ռատ տօ­նը։ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ մե­ծա­հան­դէս ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն նա­խա­գա­հեց Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը։ Սուրբ Էջ­միած­նի Մայր Տա­ճա­րին մէջ մա­տու­ցուե­ցաւ հան­դի­սա­ւոր Ս. Պա­տա­րագ, ձե­ռամբ՝ Տա­ւու­շի Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Բագ­րատ Եպսկ. Գալս­տա­նեա­նի։

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ԴԱՐՁԵԱԼ ՔԱՂԱՔՍ ԱՅՑԵԼԵԼ

Կը տե­ղե­կա­նանք, որ Ե­րու­սա­ղէ­մի Հա­յոց Պատ­րիար­քու­թեան Կա­լուա­ծոց տե­սուչ Տ. Պա­րէտ Ծ. Վրդ. Ե­րէ­ցեան վեր­ջին օ­րե­րուն այ­ցե­լու­թիւն մը տուաւ Իս­թան­պուլ։ Ան շուրջ շա­բաթ մը մնաց քա­ղա­քիս մէջ եւ իր կե­ցու­թեան օ­րե­րուն ի­ջե­ւա­նե­ցաւ Պատ­րիար­քա­րա­նի մէջ։

ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ՆԵՐՔԻՆ ԹԵՄԵՐՈՒ ՔԱՀԱՆԱՅԻՑ ՏԱՐԵԿԱՆ ԺՈՂՈՎԸ

Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ ներ­քին թե­մե­րու քա­հա­նա­յից տա­րե­կան ժո­ղո­վը։ Այս­պէս, Գէոր­գեան հո­գե­ւոր ճե­մա­րա­նի հան­դի­սու­թիւն­նե­րու դահ­լի­ճին մէջ հա­մախմ­բուե­ցան Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի 45 միա­բան­ներ եւ 184 քա­հա­նա­ներ, ո­րոնք հո­գե­ւոր ծա­ռա­յու­թիւն կ՚ի­րա­կա­նաց­նեն Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի թե­մե­րէն ներս։

ՄԵԾԱՐԱՆՔԻ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՑԵՐԵԿՈՅԹ ՄԸ

Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ մե­ծա­րան­քի հան­դի­սա­ւոր ցե­րե­կոյթ մը։ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի բարձր հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ, Գէոր­գեան հո­գե­ւոր ճե­մա­րա­նի հան­դի­սու­թիւն­նե­րու դահ­լի­ճի եր­դի­քին տակ տե­ղի ու­նե­ցաւ ձեռ­նար­կը։ Մե­ծար­ման ցե­րե­կոյ­թը կազ­մա­կեր­պուած էր ի պա­տիւ Ճե­մա­րա­նի դա­սա­խօս­նե­րէն Տ. Ե­ղի­շէ Ա. Քհնյ. Սարգ­սեա­նի, Պար­գեւ Շահ­պա­զեա­նի եւ Պետ­րոս Պե­տի­րեա­նի։

Էջեր