Եկեղեցական

Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան կ՚այ­ցե­լէ Սուրբ Ե­րու­սա­ղէմ։ Ծա­նօթ է, որ Սուրբ Քա­ղա­քին մէջ Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղե­ցին այս Կի­րա­կի պի­տի տօ­նախմ­բէ Ս. Զա­տի­կը, ըստ հին տո­մա­րի։

ԱՊԱՔԻՆՄԱՆ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը ե­րէկ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց խումբ մը հաշ­ման­դամ պա­տա­նի­ներ։ Ի ծնէ հաշ­ման­դամ եւ ման­կա­կան ու­ղե­ղա­յին կա­թուա­ծէ տա­ռա­պող Աշ­տա­րակ քա­ղա­քի բնա­կիչ Դա­ւիթ եւ Յաս­միկ Խա­չատ­րեան­նե­րը կը պատ­րաս­տուին դար­ման­ման հա­մար մեկ­նիլ Գա­նա­տա եւ այս ու­ղե­ւո­րու­թեան ըն­դա­ռաջ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծին այ­ցե­լած էին՝ Ա­մե­նայն Հա­յոց Հայ­րա­պե­տին օրհ­նու­թիւ­նը ստա­նա­լու հա­մար։

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴ Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԱԹԷՇԵԱՆԻ ՔԱՐՈԶԸ

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ե­րէկ Ապ­րի­լի 24-ին առ­թիւ Ա­թո­ռա­նիստ Մայր Ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ մա­տու­ցուած Ս. Պա­տա­րա­գին առ­թիւ խօ­սե­ցաւ հե­տե­ւեալ քա­րո­զը։ Ստո­րեւ կը ներ­կա­յաց­նենք Պատ­րիար­քա­րա­նի կող­մէ թո­ղար­կուած պաշ­տօ­նա­կան բնա­գի­րը։ 
ՔՐԻՍ­ՏՈՍ ՅԱ­ՐԵԱՒ Ի ՄԵ­ՌԵ­ԼՈՑ
Գո­հու­թիւն եւ փառք Ա­մե­նա­կա­լին Աս­տու­ծոյ, որ կը շա­րու­նա­կենք վա­յե­լել մեր Տի­րոջ եւ Փրկչի Յի­սու­սի Քրիս­տո­սի Սուրբ Յա­րու­թեան տա­ղա­ւա­րի ցնծու­թիւ­նը։ Կը շա­րու­նա­կենք ձայ­նակ­ցիլ հրեշ­տակ­նե­րուն, ո­րոնք վի­մա­փոր գե­րեզ­մա­նի դրան քա­րը գլո­րե­ցին եւ յայ­տա­րա­րե­ցին, թէ «Քրիս­տոս, խա­չուած Նա­զով­րե­ցին չէ աստ, այլ՝ յա­րեաւ»։

ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍԻ ՄԷՋ ՆՇՈՒԵՑԱՒ Տ. ՇՆՈՐՀՔ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԷՄԻՐՃԵԱՆԻ ՀՈԳԵՒՈՐ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ 25-ԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ

Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի Ա­րեւմ­տեան Թե­մէն ներս վեր­ջերս տե­ղի ու­նե­ցաւ յո­բե­լե­նա­կան յատ­կան­շա­կան հան­դի­սու­թիւն մը։ Այս­պէս, Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ Տ. Յով­նան Արք. Տէր­տէ­րեա­նի հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ նշուե­ցաւ թե­մի նուի­րեալ հո­գե­ւոր սպա­սա­ւոր­նե­րէն Տ. Շնորհք Ա. Քհնյ. Տէ­միր­ճեա­նի քա­հա­նա­յա­կան ձեռ­նադ­րու­թեան եւ օծ­ման, հո­վուա­կան ծա­ռա­յու­թեան 25-ա­մեայ յո­բե­լեա­նը։ Տէր Հօր ծա­ռա­յած Վեն­նայ­սի Ս. Պետ­րոս ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցան կրօ­նա­կան եւ աշ­խար­հիկ յո­բե­լե­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րը։

ԾԱՂԿԱՁՈՐԻ ՄԷՋ ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐՈՒ ՁՕՆՈՒԱԾ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գար­եգին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի օրհ­նու­թեամբ, Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի Քրիս­տո­նէա­կան դաս­տիա­րա­կու­թեան կեդ­րո­նը վեր­ջերս ե­ռօ­րեայ հա­մա­ժո­ղով մը կազ­մա­կեր­պեց Ծաղ­կա­ձո­րի մէջ։ Այս նա­խա­ձեռ­նու­թեան ի­րենց օ­ժան­դա­կու­թիւ­նը բե­րած էին Ե­կե­ղե­ցի­նե­րու հա­մաշ­խար­հա­յին խոր­հուր­դի «Հա­յաս­տա­նեան կլոր սե­ղան» հիմ­նադ­րամն ու ՄԱԿ-ի Բնակ­չու­թեան հիմ­նադ­րա­մը։

Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆ ՊԻՏԻ ՄԵԿՆԻ՝ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՊԻ ՄՕՏԱԼՈՒՏ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՆ ՕՐԵՐՈՒՆ

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին պի­տի այ­ցե­լէ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծին։

ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԵՐԷԿ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳԻ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՆ ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՄԷՋ

Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նէն հիւ­րա­բար քա­ղաքս գտնուող բարձ­րաս­տի­ճան հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րը ե­րէկ կի­րակ­նօ­րեայ Ս. Պա­տա­րա­գի մաս­նակ­ցե­ցան Սա­մա­թիոյ Ս. Գէորգ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ։ Այս­պէս, Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի Կրթա­դաս­տիա­րակ­չա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու վե­րա­տե­սուչ Տ. Գէորգ Եպսկ. Սա­րո­յեան նա­խա­գա­հեց Սա­մա­թիոյ ե­րէ­կո­ւան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն։

ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՄԱՐ ՄԵԾ ՀԱՆԳԱՆԱԿՈՒԹԻՒՆ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը եւ Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Տ.Տ. Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սը ա­ւար­տե­ցին ի­րենց զօ­րակ­ցու­թեան այ­ցե­լու­թիւ­նը դէ­պի Ար­ցախ։ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը եւ Կի­լի­կեան Ա­թո­ռի գա­հա­կա­լը Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղէն հրա­ժեշտ առ­նե­լով վե­րա­դար­ձան Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծին։

ՀՈԼԱՆՏԱՅԻ ՀԱՄԱՐ ՆՈՐ ՆՇԱՆԱԿՈՒՄ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի հայ­րա­պե­տա­կան տնօ­րի­նու­թեամբ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի միա­բան­նե­րէն Տ. Ա­ռէն Վրդ. Շա­հի­նեան նշա­նա­կուե­ցաւ Ա­րեւմ­տեան Եւ­րո­պա­յի հայ­րա­պե­տա­կան պա­տուի­րա­կի փո­խա­նորդ Հո­լան­տա­յի մէջ։

ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը ե­րէկ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Նո­պէ­լեան մրցա­նա­կի ար­ժա­նա­ցած հինգ գիտ­նա­կան­նե­րը՝ Աա­րոն Չե­խա­նո­վէր, Ա­տա Եո­նաթ, Տէն Շեխտ­ման, Էյ-Ի­չի Նե­կի­շի եւ Ճոն Ռո­պին Ո­ւո­րէ­նը, ո­րոնք վեր­ջին օ­րե­րուն Հա­յաս­տան այ­ցե­լե­ցին Ե­րե­ւա­նի մէջ կազ­մա­կեր­պուած «Նո­պէ­լեան օ­րեր» խո­րագ­րեալ գի­տա­կան ձեռ­նար­կին առ­թիւ։

Էջեր