Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՎՐԱՅՈՎ ԿԸ ՄԵԿՆԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆ՝ ՄԱՍՆԱԿՑԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՊԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՆ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ մեկնեցաւ արտասահման։ Նորին Սրբազնութեան ուղեւորութեան առաջին փուլը կը հանդիսանայ Մուսկուան, ուր ան կը հիւրընկալուի Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի Թեմին կողմէ։
Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Նշխարհաց Գիւտի տօնին եւ Գնալը կղզիի եկեղեցւոյ ուխտի օրուան առթիւ, շաբաթավերջին, տօնական արարողութիւններ տեղի ունեցան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։ Արարողութեանց հանդիսապետեց Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Արարողութեանց մասնակցեցան եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, քահանայից դասու անդամներ եւ հաւատացեալ ժողովուրդը։

Կը տեղեկանանք, որ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան Կալուածոց տեսուչ Տ. Պարէտ Ծ. Վրդ. Երէցեան վերջին օրերուն այցելութիւն մը տուաւ Իսթանպուլ։ Ան շուրջ շաբաթ մը մնաց քաղաքիս մէջ եւ իր կեցութեան օրերուն իջեւանեցաւ Պատրիարքարանի մէջ։


