ԱՐԱՄ Ա. ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՄԷՋ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը այս օրերուն կ՚այցելէ Եգիպտոս։ Այս ուղեւորութեան ընթացքին ան կը նախագահէ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու խորհուրդի գործադիր վարչութեան ժողովին։ Նորին Սրբութիւնը այս առթիւ հանդիպում մըն ալ կ՚ունենայ Ղպտի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ գահակալ՝ Թաւատրոս Պատրիարքին հետ։
Միջին Արեւելքի հոգեւոր առաջնորդները տարածքաշրջանի տագնապալի իրադրութեան մթնոլորտին մէջ անմիջական շփման մէջ կը մնան իրարու հետ։ Այսպէս, Ասորի Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ վանքին մէջ տեղի ունեցաւ հոգեւոր պետերու հանդիպում, որուն ներկայ էին Միջին Արեւելքի հոգեւոր պետերը եւ իրենց ներկայացուցիչները։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Վիրահայոց Թեմէն ներս հոգեւոր ցնծութիւն:
Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի քահանայական ձեռնադրութեան եւ եպիսկոպոսական օծման կրկնակ տարեդարձներուն առթիւ փայլուն արարողութիւններ:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Շուէտի Սոտերթելի քաղաքին մէջ օծուեցաւ Ս. Մարիամ Աստուածածին եկեղեցին։
Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը այս շաբաթավերջին այցելութիւն մը կու տայ Թիֆլիզ:
Սրբոց Յակոբեանց վանքէն ներս Միաբանական ընդհանուր ժողով՝ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանին մէջ, Ուսուցչի օրուան կապակցութեամբ ընդունեց Մայր Աթոռի եւ ՀԲԸՄ-ի հովանաւորութեամբ գործոց Հայորդեաց տուներու 140 ուսուցիչները՝ ուղեկցութեամբ Հայորդեաց տուներու հոգեւոր տեսուչ Տ. Կոմիտաս Վրդ. Յովնանեանի։