ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Երեւանի մօտ Գերմանիոյ նորանշանակ դեսպան Մաթիաս Քիսլէրը։ Ողջունելով նորանշանակ դեսպանը՝ Վեհափառ Հայրապետը գոհունակութեամբ ընդգծեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Գերմանիոյ դեսպանատան միջեւ ձեւաւորուած ամուր կապերը։

Տ. Գարեգին Աբեղայ Համբարձումեան նշանակուեցաւ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի տեսուչ:
Ամսավերջի Միւռոնօրհնութեան ընդառաջ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին կողմէ ուշագրաւ կարգադրութիւն:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Եւրոխորհուրդի «Ժողովրդավարութիւն՝ իրաւունքի միջոցաւ» յանձնախումբի ներկայացուցիչները։