ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ԵՕԹ ՆՈՐ ՔԱՀԱՆԱՅ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԱԾ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ քահանայական ձեռնադրութիւն։ Մայր Տաճարի մէջ հանդիսաւոր Ս. Պատարագ մատոյց Սուրբ Էջմիածնի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնի տնօրէն Տ. Վարդան Եպսկ. Նաւասարդեան, որու ձեռամբ քահանայական ձեռնադրութիւն եւ օծում ստացան եօթ սարկաւագներ։
Հայաստանի Նոր Հաճըն քաղաքին մէջ նորակառոյց եկեղեցին պաշտամունքի բացուեցաւ հանդիսաւորապէս:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի 2014-2015 ուսումնական տարուան եզրափակիչ հանդիսութիւնը։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ անցեալ շաբթուան երկրորդ կէսին տեղի ունեցաւ «Եղիցի լոյս» մրցանակներու յանձնման հանդիսաւոր արարողութիւնը։
Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքէն ներս յատկանշական օր մը:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հայրապետական տնօրինութեամբ Տ. Բագրատ Եպսկ. Գալստանեան նշանակուեցաւ Տաւուշի Թեմի առաջնորդ։
Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ շքանշաններու յանձնման արարողութիւն մը։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ այս արարողութիւնը։
Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը հիւրընկալեց սփիւռքահայ կրթական մշակներ, որոնք վերապատրաստման դասընթացքներու կը մասնակցին Հայաստանի մէջ։ Վաթսուներկու հոգիէ բաղկացեալ այս խումբին հետ Նորին Սրբութիւնը մէկտեղուեցաւ Մայրավանքի տարածքի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» Մատենադարանի դահլիճի յարկին ներքեւ։