ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան (ՀՄԸՄ) կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը։ Այս առթիւ Գառնիկ Մկրտիչեան նշեց, թէ կեդրոնական վարչութեան բոլոր անդամները այս օրերուն մէկտեղուած են Հայաստանի մէջ, ինչ որ յաւելեալ եռանդ մը կու տայ իրենց բոլորին։

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Սերպիոյ Պատգամաւորներու պալատի նախագահ Եան Համաչէքը, որու կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Երեւան։ Հիւրերուն կ՚ուղեկցէր Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Էտուար Շարմազանով։ Վեհափառ Հայրապետի կողքին էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան։


ԵԵՔ-ի գործադիր մարմինը տարեկան ժողովը կը գումարէ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց շարք մը պաշտօնական հիւրեր։ Այսպէս Վեհափառ Հայրապետը տեսակցեցաւ Սերպիոյ Պաշտպանութեան նախարար Պրաթիսլաւ Կաշիչի հետ, որու կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Հայաստան։