ԳՆԱԼԸԻ ԲԱՐՁՈՒՆՔԻՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁ
Երէկ, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ նշուեցաւ տեղւոյն Ներսէսեան դպրաց դասու տարեդարձը։ Կիրակնօրեայ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։
Երէկ, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ նշուեցաւ տեղւոյն Ներսէսեան դպրաց դասու տարեդարձը։ Կիրակնօրեայ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։
Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Արցախէն շուրջ 35 երիտասարդներ։ Նորին Սրբութիւնը երիտասարդներուն յորդորեց՝ անկոտրուն կամքով շարունակել իրենց պայքարը յանուն Արցախի ազատ, անկախ ու անվտանգ կեանքի իրաւունքին։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այս առաւօտ մեկնեցաւ Վան։ Յառաջիկայ շաբթուան Խաչվերացի տօնին ընդառաջ Վանայ լճի Աղթամար կղզիի՝ այժմ թանգարանի վերածուած Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ այս տարուան Ս. Պատարագը պիտի մատուցուի այս կիրակի։
Լեհաստանէ ներս Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Արքեպիսկոպոսութեան հիմնադրութեան 655-ամեակին առթիւ վերջերս յոբելենական տօնակատարութիւններ տեղի ունեցան Քրաքովի մէջ։ Տեղւոյն Վաւելի Մայր տաճարին մէջ կազմակերպուած միջեկեղեցական աղօթքին ներկայ գտնուեցաւ Քրաքովի Մարեք Ետրաշեւսքի մետրապոլիտը
Երէկ, Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագ մատոյց Հայաստանէն հիւրաբար քաղաքս փութացած՝ Մասիացոտնի թեմի հոգեւորականաց դասէն Տ. Եզնիկ Քհնյ. Մարտիրեան։ Արարողութեան հանդիսապետեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, ներկայ էր նաեւ Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չընարեան։
Հոկտեմբերի 1-ին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ նախատեսուած Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան արարողութիւնը արդէն հետզհետէ կը բնորոշէ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ օրակարգը։
Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին նախագահութեամբ, Ս. Գայիանէ վանքէն ներս մատուցուած կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի ընթացքին Հանրապետական մաղթանք կատարուեցաւ՝ Արցախի Անկախութեան տօնին առթիւ։
ԳՀԽ-ի ընդլայնուած կազմով նստաշրջանի աւարտին հրապարակուած յայտարարութեամբ արձանագրուեցաւ՝ Հայաստանի եւ Արցախի շուրջ ծայրայեղ մտահոգիչ իրավիճակը:
«Ատրպէյճանի որդեգրած քաղաքականութիւնը, որ թշնամանքի ու բռնութեան նորանոր դրսեւորումներ կ՚ունենայ, հայոց պետականութիւնը կազմաքանդելու նպատակը կը հետապնդէ»:
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցած Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով նստաշրջանը երէկ հասաւ իր աւարտին։
Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց խումբ մը կաթոլիկ հոգեւորականներ, որոնք այս օրերուն ճանաչողական այցելութիւն մը կու տան Հայաստան։