Եկեղեցական

ՎԵՐԱՄՈՒՏԻ ԱՌԹԻՒ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿՆԵՐՈՒ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԳ՝ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, 2023-2024 կրթական շրջանի սկիզբին առթիւ, երէկ, նախագահութեամբ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի տեղի ունեցաւ կրթական մշակներու օրհնութեան կարգ։

ԳՀԽ ԴԱՏԱՊԱՐՏԵՑ ԲԵՐՁՈՐԻ ՄԻՋԱՆՑՔԻՆ ՄԷՋ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒ ԱՌԵՒԱՆԳՈՒՄԸ

Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի նախագահութեամբ սկսած Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) նստաշրջանի օրակարգին վրայ կը գտնուին Հայաստանի եւ Արցախի մէջ ստեղծուած կացութեան վերաբերեալ հարցեր։

ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՍԿՍԱՒ ԳՀԽ-Ի ՆՍՏԱՇՐՋԱՆԸ

Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ սկսաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով նստաշրջանը։

ԳԻՒՏ ԳՕՏՒՈՅ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆ՝ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Գիւտ Գօտւոյ Ս. Աստուածածնի տօնի արարողութեանց։ Ս. Պատարագը մատոյց գաւառի համայնքներու տեսուչ եւ Հաթայի մեր եկեղեցեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան։

ԴԷՊԻ 1 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ

Միւռոնօրհնութեան օրուան կիրակնօրեայ Ս. Պատարագը պիտի մատուցուի Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ձեռամբ:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ յառաջիկայ շաբաթ տեղի կ՚ունենան Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ժողովները:

Տ. ԽԱԺԱԿ ԱՐՔ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ՊԵԼԺԻՈՅ ՄԷՋ

Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնին առթիւ հովուական այցելութիւն մը տուաւ Պելժիա։

Էջեր