ՎԵՀԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆՆԵՐ
Ֆրեզնոյի համալսարանի Հայագիտութեան ամպիոնէն խումբ մը ուսանողներ Վեհափառ Հայրապետին մօտ:
«Հայաստան այցելելը լաւագոյն հնարաւորութիւնը կ՚ընձեռէ ճանչնալու համար հայոց հոգեւոր ու մշակութային ժառանգութիւնը»:
Ֆրեզնոյի համալսարանի Հայագիտութեան ամպիոնէն խումբ մը ուսանողներ Վեհափառ Հայրապետին մօտ:
«Հայաստան այցելելը լաւագոյն հնարաւորութիւնը կ՚ընձեռէ ճանչնալու համար հայոց հոգեւոր ու մշակութային ժառանգութիւնը»:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի տնօրինութեամբ նոր դերաբաժանում մը կատարուած է պոլսահայ հոգեւորականաց դասու անդամներու պաշտօնավայրերու պարագային։ Պատրիարքարանի դիւանը երէկ պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակեց այս ուղղութեամբ։
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան դիմագրաւած առկայ հարցերը բոլոր հարթութիւններու վրայ ուշադրութեան առարկայ կը դառնան Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս։ Նուիրապետական աթոռներու գահակալներն ալ զգայնութեամբ կը հետեւին իրադարձութիւններուն, որոնք ունին նուրբ նշանակութիւն։
Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակութեան ենթակայ Լիէժի ծուխը վերջերս ունեցաւ Ուղղափառ Եկեղեցիէն բարձրաստիճան հիւր մը։ Այսպէս, հոգեւոր հովիւ Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան ընդունեց Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Պելժիոյ Աթենակորաս Մետրապոլիտը։
Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին նշուեցաւ Պատրիարքական Աթոռի հիմնադրութեան 562-րդ տարեդարձը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան հոգեւորականաց թափօրով առաջնորդուեցաւ Մայր եկեղեցի։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կողմէ Գայիանէ Յակոբեանի բանտարկութեան կապակցութեամբ հրապարակուեցաւ յայտարարութիւն մը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգին կողմէ թողարկուած հրապարակումը։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ժողովը, որու ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի եւ Արցախի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրնկալեց՝ Հայաստանի դպրոցներէն ներս ուսուցանուող «Հայոց Եկեղեցւոյ պատմութիւն» առարկայի ողիմպիականներու մրցանակակիր աշակերտները։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ Երեւանի մէջ սարքեց մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին հերթական անգամ թիրախաւորեց Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին։ Ինչպէս հաղորդած էինք, ան վերջերս յայտնած էր, թէ եթէ Եկեղեցին կը փափաքի զբաղիլ քաղաքականութեամբ, ապա կրնայ ստեղծել կուսակցութիւն մը։
Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ՝ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ թիրախաւորման ցաւալի դրսեւորումները կը շարունակուին։ Դժբախտաբար, չի դադրիր հրապարակային բանավէճը, որով երկրի բարձրագոյն ղեկավարութենէն դէմքեր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դէմ կ՚արտայայտուին։