ՏԱՐԵՄՈՒՏԻ ՅՈՐԴՈՐՆԵՐ
Նոր տարուան առթիւ Վեհափառ Հայրապետին պատգամը. «Թոյլ չտանք, որ ազգային կեանքի մէջ սերմանուի ատելութիւն ու պառակտում, արմատաւորուի կործանարար յարմարուողականութիւնն ու անտարբերութիւնը։ Ապրինք հաւատքով զարդարուն կեանքով, իրարու հանդէպ սիրով, որպէսզի զգանք Աստուծոյ շնորհաբեր ներկայութիւնը»:
«Հայաստանը այն միակ սրբազան վայրն է, ուր ամբարուած են բոլոր ժամանակներու հայ սերունդներու աղօթքներն ու երազները, ուր շարունակ պիտի կերտուի հայոց ինքնութիւնը»:
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Ամանորը դիմաւորեց Արցախէն բռնի տեղահանուած ընտանիքներուն հետ։ Վեհափառ Հայրապետին գլխաւորութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ Նոր տարուան առթիւ կազմակերպուեցաւ միաբանական ընթրիք, որուն մասնակցեցան նաեւ Արցախէն դուրս եկած այն ընտանիքները, որոնք ապաստան գտած են Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան հովանիին ներքեւ։
Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ երէկ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան մատոյց տարեվերջի Ս. Պատարագը, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չընարեան։ Պատարագիչ հայր սուրբը խօսեցաւ նաեւ օրուան քարոզը։
Պատրիարքական Աթոռի հոգեւորականաց դասը, ըստ ընկալեալ սովորութեան, Ամանորը ողջունեց՝ Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ կազմակերպուած հաւաքով։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի նախագահութեամբ տեղի ունեցան երեկոյեան ժամերգութիւն եւ գոհաբանական աղօթք։
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը 2024-ին կը թեւակոխէ իր գահակալութեան 25-ամեակի յոբելենական շրջանը։ Լուսաւորչահաստատ, առաքելահիմն ընդհանրական հայրապետութեան գահուն վրայ Նորին Սրբութիւնը հասած է քառորդ դարը բոլորելու եզրին։
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
ՅՈՎԱԿԻՄ ԱԲՂ. ՍԵՐՈՎԲԵԱՆ
ԿՈՐԻՒՆ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՖԷՆԷՐՃԵԱՆ
Հին քաղաքի «Կովերու պարտէզ» ազգապատկան կալուածի տագնապը կը ծնի բռնութիւններ եւ ոտնձգութիւններ: