ԻՐԵՐԱՅԱՋՈՐԴ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐՆԵՐ
Թեմական պատգամաւորական ժողովը միաձայնութեամբ առաջնորդ վերընտրեց Տ. Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանը:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս բազմակողմանի քննարկումներով եռուն շրջան:
Թեմական պատգամաւորական ժողովը միաձայնութեամբ առաջնորդ վերընտրեց Տ. Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանը:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս բազմակողմանի քննարկումներով եռուն շրջան:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ մեծ շուքով նշեց Համբարձման տօնը։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, այս տօնին օրը կը յիշատակուի նաեւ 1441 թուականին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Աթոռի Սիս քաղաքէն Սուրբ Էջմիածին փոխադրման պատմական օրը՝ Վաղարշապատի ժողովի որոշման հիման վրայ։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Երեւանի մօտ Մալթայի Ինքնիշխան Մարտական Ուխտի դեսպան Տոմենիքօ Արտուինին։
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Սրբազնագոյն Կաթողիկոսին եւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեանի միջեւ հեռախօսազրոյց:
Իրաւունքներու պաշտպանութեան քայլեր:
Վեհափառ Հայրապետը մշտական կապի մէջ է Նորին Ամենապատուութեան հետ: Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը կարելի աջակցութիւնը կը ցուցաբերէ Պատրիարքութեան:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ նուիրապետութիւնը տրամադրուած՝ ամբողջական զօրակցութեան պատրաստակամութեամբ ի նպաստ Սրբոց Յակոբեանց զինուորեալ միաբանութեան:
Երուսաղէմի կալուածական հարցերուն ծանօթ շրջանակները ներկայիս հաշուի կ՚առնեն զանազան հաւանականութիւններ՝ Հայոց Պատրիարքութեան դիմագրաւած առկայ խնդիրներու եւ մանաւանդ՝ «Կովերու պարտէզ» ազգապատկան կալուածի փրկութեան հեռանկարին շուրջ։
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքական Սուրբ Աթոռը այս շրջանին կը դիմագրաւէ դժուարին եւ նուրբ կացութիւն մը:
Յորդանանի եւ Պաղեստինի իշխանութիւնները դադրեցան Ամեն. Տ. Նուրհան Սրբազան Արքեպիսկոպոս Մանուկեանի Պատրիարքի հանգամանքը ճանչնալէ: Միաբանական ընդհանուր ժողովը կոչ ուղղեց, որպէսզի վերատեսութեան ենթարկուի որոշումը:
Սրբոց Յակոբեանց զինուորեալ միաբանութիւնը շարժման անցած է գերադասելով եկեղեցւոյ եւ պատիրաքութեան գերակայ եւ անսակարկելի շահերը: Ստեղծուած լուրջ ու ծանրակշիռ իրադրութիւնը կը յաջորդէ Տ. Պարէտ Ծայրագոյն Վարդապետ Երէցեանի կարգալոյծ հռչակուելուն եւ վանքէն վտարուելուն, ինչ որ անմիջական կապ ունի «Կովերու պարտէզ» ազգապատկան կալուածի աղմկարար վարձակալութեան հարցին հետ։
Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին շաբաթավերջին պաշտամունքի վերաբացուեցաւ՝ ձեռամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի։ Արարողութեան մասնակցեցան Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան, Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան եւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Այս տարի, յատուկ յարգանքով կը յիշատակուի հայ կրօնական արուեստի եզակի նմոյշներու ներբող, «Առաւօտ լուսոյ»ի, «Հաւատով խոստովանիմ»ի, «Նորահրաշ»ի եւ բազմաթիւ այլ հոգեւոր երգերու, աղօթքներու, տաղերու, առակներու եւ հանելուկներու հեղինակին, 12-րդ դարու մեր մեծ սուրբին՝ Ս. Ներսէս Շնորհալի Երաշնորհ Հայրապետի մահուան 850-րդ տարելիցը:
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ, երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ Խաղաղութեան աղօթք՝ Հայաստանի եւ Արցախի ապահովութեան ու խաղաղութեան համար։
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանէն շաբաթավերջին հասան զգայացունց լուրեր։ Այսպէս, Սուրբ Աթոռի դիւանը տեղեկացուց, որ կարգալոյծ հռչակուած է Տ. Պարէտ Ծայրագոյն Վարդապետ Երէցեան։