ԿԱՐՄԻՐ ԿԻՐԱԿԻԻ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԸ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Կարմիր կիրակիի Ս. Պատարագին նախագահեց Պոյաճըգիւղի Ս. Երից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ։ Օրուան պատարագիչն էր Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Կարմիր կիրակիի Ս. Պատարագին նախագահեց Պոյաճըգիւղի Ս. Երից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ։ Օրուան պատարագիչն էր Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Ֆրանսայի Ծերակոյտին կողմէ պատուիրակութիւն մը, որ վերջին օրերուն այցելեց Երեւան։ Պատուիրակութեան գլուխը կը գտնուէր ծերակուտական Պրունօ Ռեթայօ։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Արժանթինի մասնաճիւղէն պատուիրակութիւն մը։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը 24 Ապրիլի առթիւ հրապարակած է պատգամ մը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի տնօրինութեամբ, երէկ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան Ս. Զատկի առթիւ շնորհաւորական այցելութիւններ տուին Ասորի Ուղղափառ եւ Ասորի Կաթոլիկ եկեղեցիներու պատրիարքական փոխանորդներուն։
Տեղ գիւղի սահմանակից դիրքերուն մէջ նահատակուած զինուորներուն համար աղօթք՝ Ս. Գայիանէ վանքին մէջ:
Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին հանդիսապետութեամբ տխուր պաշտօն՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ:
ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց,
Եօթը շաբթուան Մեծ պահոց ապաշխարութեան շրջանին յաջորդեց Սուրբ Յարութեան առթած հոգեւոր ուրախութիւնը, որով քառասուն օրեր պիտի ողջունենք զիրար, Սուրբ Յարութեան աւետիսի բառերով։ Մեղքով վիրաւորուած մարդկային կեանքին կրած ցաւը կը դարմանուէր ապաշխարութեամբ, պատրաստուելով Սուրբ Յարութեան աւետիսին։
Կը տեղեկանանք, որ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան վերջին օրերուն անձնական այցելութիւն մը տուած է Հռոմ։ Պատրիարքարանի աղբիւրները հաղորդեցին, որ նախընթաց օր նորին սրբազնութիւնը Վատիկանի մէջ հանդիպում մը ունեցած է Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապին հետ։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Երեւանի փոխ-քաղաքապետ Տիգրան Աւինեանը։ Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ քաղաքամայր Երեւանի մէջ Հայ Եկեղեցւոյ առաքելութեան արդիւնաւորման ի նպաստ ձեռնարկուած քայլերուն՝ մասնաւորապէս եկեղեցիներու եւ եկեղեցական կառոյցներու բարւոք պահպանման եւ տարածքներու բարեկարգման խնդիրներուն։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի զանազան կառոյցներու աշխատակցուհիներուն աւանդական հաւաքը:
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը գնահատեց կնոջ կարեւոր առաքելութիւնը եւ ընտանիքէն ներս դերը: