ՎԵՐԱՄՈՒՏԻ ԱՌԹԻՒ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿՆԵՐՈՒ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԳ՝ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, 2023-2024 կրթական շրջանի սկիզբին առթիւ, երէկ, նախագահութեամբ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի տեղի ունեցաւ կրթական մշակներու օրհնութեան կարգ։
Վեհափառ Հայրապետը կը կարեւորէ եկեղեցականի նուիրեալ ծառայութիւնը՝ ներկայ բարդ ժամանակներուն:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը նախընթաց օր Անթիլիասի մէջ ընդունեց Պէյրութի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորոթի Շիան։
Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի նախագահութեամբ սկսած Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) նստաշրջանի օրակարգին վրայ կը գտնուին Հայաստանի եւ Արցախի մէջ ստեղծուած կացութեան վերաբերեալ հարցեր։
Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ սկսաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով նստաշրջանը։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Գիւտ Գօտւոյ Ս. Աստուածածնի տօնի արարողութեանց։ Ս. Պատարագը մատոյց գաւառի համայնքներու տեսուչ եւ Հաթայի մեր եկեղեցեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան։
Միւռոնօրհնութեան օրուան կիրակնօրեայ Ս. Պատարագը պիտի մատուցուի Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ձեռամբ:
Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնին առթիւ հովուական այցելութիւն մը տուաւ Պելժիա։
Այսօր Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ծննդեան տարեդարձն է։ Ան կը դառնայ 72 տարեկան։