ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի երեք թեմերու առաջնորդները շաբաթավերջին աշխատանքային հանդիպում մը ունեցան Նիւ Եորքի մէջ։ Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեան այս առթիւ հիւրընկալեց Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանը եւ Գանատայի թեմի առաջնորդ Տ. Աբգար Եպսկ. Յովակիմեանը։