«ԿԵԱՆՔԻ ՊԱՏԳԱՄ»
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ մեծ շուքով նշեց Համբարձման տօնը։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, այս տօնին օրը կը յիշատակուի նաեւ 1441 թուականին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Աթոռի Սիս քաղաքէն Սուրբ Էջմիածին փոխադրման պատմական օրը՝ Վաղարշապատի ժողովի որոշման հիման վրայ։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Երեւանի մօտ Մալթայի Ինքնիշխան Մարտական Ուխտի դեսպան Տոմենիքօ Արտուինին։
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Սրբազնագոյն Կաթողիկոսին եւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեանի միջեւ հեռախօսազրոյց:
Երուսաղէմի կալուածական հարցերուն ծանօթ շրջանակները ներկայիս հաշուի կ՚առնեն զանազան հաւանականութիւններ՝ Հայոց Պատրիարքութեան դիմագրաւած առկայ խնդիրներու եւ մանաւանդ՝ «Կովերու պարտէզ» ազգապատկան կալուածի փրկութեան հեռանկարին շուրջ։
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքական Սուրբ Աթոռը այս շրջանին կը դիմագրաւէ դժուարին եւ նուրբ կացութիւն մը:
Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին շաբաթավերջին պաշտամունքի վերաբացուեցաւ՝ ձեռամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի։ Արարողութեան մասնակցեցան Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան, Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան եւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ, երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ Խաղաղութեան աղօթք՝ Հայաստանի եւ Արցախի ապահովութեան ու խաղաղութեան համար։
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանէն շաբաթավերջին հասան զգայացունց լուրեր։ Այսպէս, Սուրբ Աթոռի դիւանը տեղեկացուց, որ կարգալոյծ հռչակուած է Տ. Պարէտ Ծայրագոյն Վարդապետ Երէցեան։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց շուրջ 150 համալսարանականներ, որոնց շարքին կը գտնուէին թէ՛ ուսանողներ եւ թէ շրջանաւարտներ։