ՆՈՒԻՐԱԿԱՆ ԱՐԺԷՔ
Հոկտեմբերի 1-ին ընդառաջ Սրբալոյս միւռոնի կաթսան արդէն պատրաստ է՝ ամբողջութեամբ խնամուած:
Մկրտիչ Սերթշիմշէք վերջին օրերուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կատարեց վերանորոգութեան աշխատանքները:
Հոկտեմբերի 1-ին ընդառաջ Սրբալոյս միւռոնի կաթսան արդէն պատրաստ է՝ ամբողջութեամբ խնամուած:
Մկրտիչ Սերթշիմշէք վերջին օրերուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կատարեց վերանորոգութեան աշխատանքները:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, երէկ Ռումելիհիսարի Ս. Սանդուխտ եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութեան առթիւ մատուցուած Ս. Պատարագին եւ քարոզեց։ Ս. Պատարագը մատոյց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Սարգիս Աւ. Քհնյ. Գույումճեան։
Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Մայր տաճարին մէջ, երէկ, յետ երեկոյեան ժամերգութեան եւ նախատօնակի մասնաւոր վարդապետութեան չորս աստիճաններու տուչութիւնը տեղի ունեցաւ Սրբոց Յակոբեանց Միաբանական ուխտի երկու հոգեշնորհ հայրերու՝ Տ. Վազգէն Աբեղայ Ալեքեանին եւ Տ. Տիրան Աբեղայ Յակոբեանին։
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեանի տնօրինութեամբ կատարուած են նոր նշանակումներ։ Այսպէս, Տ. Գէորգ Աբեղայ Հայրապետեան՝ ազատուելով Սուրբ Աթոռի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» մատենադարանի տեսուչի պաշտօնէն, նշանակուած է Ժառանգաւորաց վարժարանի եւ Ընծայարանի տեսուչ:
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Վրաստանի կրօնի գծով պետական գործակալութեան նախագահ Զազա Վաշաքմածէն, որուն կ՚ընկերանար Հայաստանի կառավարութեան աշխատակազմի Ազգային փոքրամասնութիւններու եւ կրօնի հարցերու բաժնի պետ Վարդան Ասատրեան։
«Արաս» հրատարակչութիւնը այս շրջանին ընթերցասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է հերթական հետաքրքրական գործը։ Նոր գիրքը կը կոչուի «Patrik Avedik'in Gizemli Yaşamı, İstanbul Patrikliğinden Bastille Zindanlarına»։ Հեղինակն է Սիրվարդ Մալխասեան։ Պատրիարքական Աթոռի եւդոկիացի գահակալի կեանքի ոդիսականը խոշորացոյցի տակ առնուած է այս գիրքին մէջ։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին նշեց Տէր Յիսուս Քրիստոսի Պայծառակերպութեան տօնը։
Տաղաւարի առթիւ Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ քահանայական ձեռնադրութիւն տեղի ունեցաւ Սիւնեաց թեմէն ներս։
Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը (ԳՀԽ) երէկ հերթական յայտարարութիւնով հանդէս եկաւ՝ Հայաստանի եւ Արցախի դիմագրաւած օրհասական մարտահրաւէրներուն շուրջ։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան համակարգը հաղորդեց, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ տեղի ունեցած է Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ժողովը։
Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց միաբանութենէն երկու արժէքաւոր անդամներ արդէն եպիսկոպոսի թեկնածու դարձած են։ Սուրբ Աթոռի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ ընծայարանի՝ Ժառանգաւորաց վարժարանի տեսուչ Տ. Թէոդորոս Վրդ. Զաքարեան եւ կալուածոց տեսուչ Տ. Կորիւն Վրդ. Պաղտասարեան միաբանութեան կողմէ ընտրուած են՝ որպէս եպիսկոպոսի թեկնածու։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց «Ֆրանսայի հայ երիտասարդութիւն» (JAF) ընկերակցութեան Մարսէյլի մասնաճիւղէն անդամներ՝ գլխաւորութեամբ Փասքալ Շամասեանի եւ Լուսինէ Մելիքեանի։