ԱՆԳԻՆ ՄԱՍՈՒՆՔ ԱՆՑԵԱԼԷՆ
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Մենք, նախապէս, տեղեկացուցած էինք, որ Երեւանի Մատենադարանի հաւաքածոն վերջերս համալրուած է արժէքաւոր ձեռագրով մը եւս։ 1471 թուականին Երուսաղէմի մէջ ընդօրինակուած «Հրաշափառ», «Հրաշագործ» անունով Աւետարանը իր պատուաւոր տեղը գրաւած է Մատենադարանի միւս ձեռագիրներուն շարքին: