ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ ՅԱՋՈՂԱԿ ԶԷՆՔԴ
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Անպատասխանատուութիւնը անտարբեր մարդուն գործելաոճն է, բայց պատասխանատուութիւնը՝ յանձնառու մարդուն կեանքի ընթացքն ու դափնեպսակն է։ Պատասխանատու մարդը իր կեանքի գնացքին մէջ ամենադոյզն պաշտօններուն մէջն անգամ բծախնդրութեամբ, ջանադրութեամբ եւ անձնուիրութեամբ իր գործը յաջողութեամբ պսակին կը հասցնէ, որովհետեւ պատասխանատուութեան վառ գիտակցութիւնը իր մտասեւեռակէտին վրայ միանգամընդմիշտ թաջուած է։