ԵՐԱԽԱԴ՝ ԱՄՈՒՍՆԱԼՈՒԾՄԱՆԴ ԶՈՀԸ
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Թերարժէքութեան բարդոյթը հոգեկան «բարդութաւորուած» ախտ մըն է, որուն ծալքերը սկիզբ կ՚առնեն մանուկ հասակէդ եւ կը հասնին մինչեւ խո՜ր ծերութիւն։ Սակայն այդ բարդոյթը ինքնեկ ախտ մը չէ, այլ ունի իրեն դրդապատճառներն ու շարժառիթները։