«ԻՒՉԿԷՆ» ԱՇԽԱՏԱՆՈՑԻՆ ՄՕՏ ՏԱՐԵՎԵՐՋԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ
Երէկ, Պոմոնթիի «Իւչկէն» գեղարուեստից աշխատանոցին մօտ տեղի ունեցաւ տարեվերջի խառն ցուցահանդէսի մը բացումը։ Այս աշխատանոցի մօտ հինգ տարեկանէն սկսեալ զանազան սերունդներէ անձերու համար կը կազմակերպուին դասընթացքներ։
Մոսկուայի մէջ սկսաւ հայ մեծանուն երգահան եւ դաշնակահար, Խորհրդային Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ Առնօ Բաբաջանեանի ծննդեան 95-ամեակին նուիրուած «Քանի դեռ կը յիշեմ, կ՚ապրիմ» խորագրեալ համերգաշարը:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԵՐԵԱՆ
Հռչակաւոր դաշնակահար Շահան Արծրունի շաբաթավերջին պարգեւատրուեցաւ Հայաստանի պետութեան «Մովսէս Խորենացի» շքանշանով՝ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կարգադրութեամբ։ Մայիսի 28-ի Հանրապետութեան տօնին շրջագծով կատարուեցաւ Շահան Արծրունիի պարգեւատրումը։
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ սփիւռքահայ հռչակաւոր արուեստագէտ, յայտնի դաշնակահար Շահան Արծրունի յառաջիկայ օրերուն բարձր պարգեւի մը արժանի պիտի դառնայ Հայաստանի Հանրապետութեան պետականութեան կողմէ։ Այսպէս, Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան որոշած է Շահան Արծրունին պարգեւատրել «Մովսէս Խորենացի» մետայլով։