ՆՈՐ ԱՌԻԹ՝ «ՈՒԻՔԻ ՃԱՄԲԱՐ»
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
ԺԱՄԱՆԱԿ առիթ ունեցած է Երեւանի մէջ Ուիքիմետիա Հայաստան գրասենեակի բացումին առիթով անդրադառնալու «Ուիքիմետիա Հայաստան» հիմնադրամին եւ անոր իրականացուցած ծրագրերուն: «Ուիքիմետիա Հայաստան» գիտակրթական հասարակական կազմակերպութիւնը հիմնուած է 2013 թուականին՝ նպատակ ունենալով խթանել ուիքի նախագիծերու տարածումն ու զարգացումը՝ հայաշխարհի մէջ եւ ընդհանրացնել ազատ գիտելիքի գաղափարը։ Կազմակերպութիւնը կ՚իրականացնէ զանազան նախագիծեր, որոնցմէ յառաջատարն է «Ուիքիփետիա Հայաստան»ը:

Լեռնային Ղարաբաղի Մշակոյթի եւ երիտասարդութեան նախարարութիւնը կը նախաձեռնէ «Տատիս սնդուկը» թեմայով ցուցահանդէս մը, որու ընթացքին պիտի ցուցադրուին ընտանիքներու մէջ կամ անհատներու մօտ նախորդ սերունդներէն պահպանուած ձեռագործ աշխատանքներ եւ կենցաղային իրեր:
1954 թուականէն ի վեր Մոնաքոյի մէջ տեղի կ՚ունենայ Վարդերու տօնահանդէս բարեգործական երեկոն, զոր պարտադիր իրենց ներկայութեամբ կը պատուեն Մոնաքոյի իշխանական տոհմի ներկայացուցիչները:
Իտալացի ձեւագէտ եւ նորաձեւութեան տան հիմնադիր սեփականատէր Ճիորճիօ Արմանի հրաժարած է բնական մորթ օգտագործելէ իր նոր հաւաքածոյի ստեղծման ժամանակ:
Իտալական Fendi նորաձեւութեան տունը ներկայացուցած է պայուսակներու նոր հաւաքածոն՝ նախատեսուած գարուն/ամառ-2016 եղանակին համար:
Christian Dior նորաձեւութեան տունը ներկայացուցած է նոր կարճաժամկէտ ժապաւէնը, որ նուիրուած է La Rose des Ventes զարդերու հաւաքածոյի նոր շարքի թողարկման: