Ս. ՂԱԶԱՐ ՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ
Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան Սուրբ Ղազար վանքին մէջ Յունուար 6-ին տեղի ունեցաւ բացումը Շաւարշ եւ Արփիկ Միսաքեանի նուիրուած ցուցահանդէսին, ներկայութեան Վենետիկի զանազան շրջաններէն շուրջ հարիւր յիսուն իտալահայերու, միաբաններու, Իտալիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան՝ Սարգիս Ղազարեանի, նախագահութեամբ Միաբանութեան վանահայր՝ Հ. Եղիա Վրդ. Քիլաղպեանի։