Գոհար Գասպարեան. Հայ Երգի Ու Երաժշտութեան Անմոռանալի «Սոխակ»ը
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Դեկտեմբեր 14-ին, սիրոյ ու մեծարանքի, հպարտութեան եւ յուզումի վարակիչ զեղումով ու հանդիսաւորութեամբ, ի Հայաստան թէ սփիւռս աշխարհի, հայութիւնը կը նշէ ծննդեան տարեդարձը հայոց աննման ձայնաւորին, հայ երգի ու դասական երաժշտութեան հմայիչ «Սոխակ»ին՝ Գոհար Գասպարեանի (Խաչատուրեան, 1924-2007)։