«ՅՈՅՍԻ ՄԵՂԵԴԻՆԵՐ»
ՀԲԸՄ-ի յատուկ ձեռնարկներու յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած 8-րդ համերգը փայլուն անցաւ:
Նիւ Եորքի «Քարնեկի հոլ»ին մէջ տեղի ունեցած երեկոյթին հասոյթը պիտի տրամադրուի կատարողական արուեստներուն:
ՀԲԸՄ-ի յատուկ ձեռնարկներու յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած 8-րդ համերգը փայլուն անցաւ:
Նիւ Եորքի «Քարնեկի հոլ»ին մէջ տեղի ունեցած երեկոյթին հասոյթը պիտի տրամադրուի կատարողական արուեստներուն:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Վերջերս համացանցի լրատուամիջոցները ողողուած են Գանատա ժամանող սուրիացի գաղթականներու լուրերով, լուսանկարներով և տեսանիւթերով: Պատերազմական արհաւիրքներու, անմարդկային ոճիրներու ոչ միայն ականատեսներն են անոնք, այլ իւրաքանչիւր Գանատա կամ այլուր հասնող սուրիացի ընտանիք կամ անհատ, բացի նիւթական կորուստներէն հոգեկան անջնջելի խոր դրոշմներ կը կրէ, որոնք յառաջացած են անմոռանալի հոգեկան կորուստներէ, նոյնինքն ընտանիքի անդամներու կամ ալ ընտանիքին մօտ պարագաներէն ոմանց:
Շաբաթավերջին Բանկալթիի մէջ, Galeri Birzamanlar-ի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխման եզակի հաւաքոյթ մը։ Արդարեւ, Օսման Քէօքէրի կողմէ ղեկավարուած Galeri Birzamanlar-ը վերջերս կազմակերպած էր միջհամալսարանական ուսանողական լուսանկարչական հետաքրքրական մրցոյթ մը։
Երեւանի մէջ, Ծիծեռնակաբերդի թանգարանի երդիքին տակ երէկ տեղի ունեցաւ ուշագրաւ ցուցահանդէսի մը բացումը։ «Մաքառելով կեանքի եւ արժանապատուութեան համար. ինքնապաշտպանական մարտերը Մեծ եղեռնի տարիներուն» խորագրեալ այս ցուցահանդէսի բացման զուգահեռ ներկայացուեցաւ նաեւ համանուն գիրքը, որ եւս նոր հրատարակուած է նոյն նիւթերով։
«Էվրէնսէլ» հրատարակչութիւնը անցեալ ամիս լոյս ընծայած էր Հնչակեան քսան կախաղաններուն վերաբերեալ յուշ-կենսագրութեան գիրք մը։ Սա 1921 թուականին Իսթանպուլի մէջ լոյս տեսած եւ իր տեսակին մէջ դասականացած «Քսան կախաղանները» անուն գործին թրքերէն թարգմանութիւնն էր։ Այդ թուականին Եդուարդ Չոփուրեանի աշխատասիրութեան հիման վրայ հրատարակութեան պատրաստուած գիրքը վերջերս թրքերէնի թարգմանեց լրագրող-հրապարակագիր Արիս Նալճը։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Նախաճաշը աճապարանքով կը պատրաստէ, ամուսինն ու զաւակները կ՚արթնցնէ, իւրաքանչիւրը իր գործին կը ճամբէ, տան անհրաժեշտ պէտքերը կը հոգայ, մեծ գաւաթ մը սուրճը ձեռքը կը նստի համակարգիչին դիմաց ու անհամբեր կը բանայ դիմատետրին էջը...:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Յաճախ կը խօսուի Հայաստան-Թուրքիա մշակութային երկխօսութեան անհրաժշտութեան մասին, որ պիտի ըլլայ նաեւ մշակոյթի միջոցաւ երկու երկիրներու ժողովուրդները համախմբելու եւ արուեստի խաղաղարար ուժի շնորհիւ նոր պատգամներ յղելու նոր սերունդներուն: Այդ առումով որոշ յաջողուած ծրագրեր արդէն կեանքի կոչուած են, իսկ վերջինը, որ տեղի ունեցաւ այս շաբթուան սկիզբը՝ 14 Դեկտեմբերին, Երեւանի մէջ, թէ՛ շարունակութիւնն է որոշ մակարդակներու վրայ սկսած երկխօսութեան եւ թէ իր ձեւի մէջ նորութիւն է:
ԾՈՎԻԿ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ
Աշխարհը ծառերը զարդարեց:
Ծառս ու ես զիրար կը փնտռենք.
Տէն Հաակի շուկաներուն մէջ, շուարած ոտքերով, խելառ, մոլոր աչքերով, ծառս կը փնտռեմ:
Մոտայի Ծովային ակումբին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ եզակի հաւաքոյթ մը, որու մասնակիցները համտեսեցին Թուրքիոյ փոքրամասնական հաւաքականութիւններու խոհանոցին բնորոշ աղանդերներ եւ ճաշեր։ Այս ընթրիքը կազմակերպուած էր Թուրքիոյ խոհանոցի բարեկամներու միութեան նախաձեռնութեամբ։
Երեւանի մէջ երէկ բացուեցաւ ցուցահանդէս մը, որ ձօնուած է յայտնի նկարիչ Փանոս Թէրլէմէզեանի 150-ամեակի յոբելեանին։ Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի երդիքին տակ կ՚իրականանայ այս ցուցահանդէսը, որու բացումը արժանացաւ գեղարուեստասէրներու անմիջական հետաքրքրութեան։